2018-02-24 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 24 փետրուարի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 24 փետրուար 2018-ին՝ Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան շաբթուայ մասնակցելէն ետք, որուն առթիւ դադրած էին  պաշտօնական հանդիպումները, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ առաքելական պալատին մէջ առանձնական  ունկնդրութիւն շնորհեց՝ Մոհամմատի հայոյելուն սուտ մեղադրանքով Փաքիստանի մէջ 9 տարիէ բանտարկուած Փաքիստանցի քրիստոնեայ  հաւատացեալ Ասիա Պիպիի հարազատներուն, Աշիք Մասիհին՝ Ասիա Պիպիի ամուսինը ու Իշամ Աշիքիին՝ Ասիա Պիպիին դուստրը, ինչպէս նաեւ Պոքօ Հարամ՝ իսլամ ծայրայեղ խմբակցութեան թիրախ՝ Տիկին Ռեպեքքա Պիթրուսին որոնց կ՛ընկերանար տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէնը՝ Տիար Ալեսսանտրօ Մոթետուրօ, տրուած ըլլալով որ Ասիա Պիպիի ազգականներն ու Տիկ Պիթրուսին, այսօր երեկոյեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմի Քոլլոսէում ամփիթատրոնի տարածքին կազմակերպուած՝ հալածուած քրիստոնեաներուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին, որուն առթիւ Քոլլոսէումի ամփիթատրոնը կարմիր գոյնով պիտի լուսաւորուի, որպէս խորհրդանիշ աշխարհի մէջ հարստահարուած քրիստոնեաներուն ու յիշողութիւն անոնց կրած տառապանքներուն ինչպէս նաեւ ազդակ՝ չմոռնալու զանոնք ու ամէն ինչ ընելու բոլորին ապահովեցնելու համար «կրօնի ազատութիւնը»։

Վերոնշեալ պատուիրակութիւնէն զատ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Վատիկանի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Իտալիոյ Չեֆալու թեմին եպիսկոպոսը գերապայծառ Ճուզեփփէ Մարչանթէ, Պոսնիա-Հերցեկովինայի նախագահական յանձնաժողովի անդամները, Իտալիոյ Չիթթա Տի Քասթելլօ թեմին արքեպիսկոպոսը ինչպէս նաեւ Վատիկանի Պետութեան Դատարանի նախագահը՝ Փրօֆ Ճուզեփփէ Տէլլա Թորրէն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Ժամը 12-ին, Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց « "DIaconie de la Beauté" շարժումի անդամներուն։

Սոյն շարժումը որ եկեղեցական կառոյց մըն է- ստեղծուած է 2012-ին- նպատակ ունենալով կամուրջ կառուցել Աստուծոյ եւ արուեստագէտներու միջեւ, զանոնք դարձնելով Աստուծոյ գեղեցկութեան վկաները։ Շարժումին մաս կը կազմեն արդարեւ արուեստի աշխարհի ներկայացուցիչներ, երգիչներ, քանդակագործեր, դերասաններ, պարողներ…եւայլն, որոնք իրենց ճշմարտութեան որոնումը կ՛ապրին հասարակական կերպով,  աղօթքի, վկայութեան, կազմաւորումի, զօրակցութեան ու այլ ձեռնարկներու միջոցաւ։

Այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ուրախութիւը յայտնեց զանոնք ընդունելուն համար ու անոնց միջոցաւ ուզեց ողջունել բոլոր արուեստագէտները՝ որոնք իրենց տաղանդներով կը ջանան ցոլացնել գեղեցկութիւնը ինչպէս նաեւ բոլոր այն անձերը որոնք արուեստի գեղեցկութեան շնորհիւ կարողացան յաղթահարել իրենց դիւրաբեկութիւնները։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի արուեստագէտներուն ուղղած մէկ նամակին որուն մէջ երջանկայիշատակ քահանայապետը կը հաստատէր թէ «արուեստագէտը իւրայատուկ յարաբերութիւն մը կ՛ապրի գեղեցկութեան հետ» ու թէ այդ գեղեցկութիւնը կոչումն է որ ուղղուած է արուեստագէտին Արարիչի կողմէ, զօդուած «արուեստագիտութեան տաղանդին» ու թէ պէտք է զարգացնել այդ տաղանդը, նման աւետարանական քանքարներու առակին։

Այս խօսքերէն մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ այդ տեսլականը կը պատկանի «DIaconie de la Beauté -  գեղեցկութեան սարկաւագութիւն» շարժումին, որուն արմատները կը գտնուին Հռոմի մէջ, հոկտեմբեր 2012-էն ի վեր, ապա ներկաներուն յայտնեց թէ իրենց ունեցած «պարգեւները» պատասխանատուութիւն եւ առաքելութիւն մըն են ու թէ անոնցմէ կը խնդրուի  գործել ՝ առանց փնտռելու ունայն փառքը, դիւրին ժողովրդականութիւնը կամ անձնական շահը։

«Դուք արդարեւ կանչուած էք, ձեր տաղանդներու միջոցաւ ու քրիստոնեայ հոգեւորականութեան ակնաղբիւրէն քաղելով, աշխարհին առաջարկելու «կեանքի որակի հասկացողութեան այրընտիր մէկ ձեւ, մարգարէական եւ հայեցողական ապրելակերպ մը, ինչպէս նաեւ մեր քաղաքներուն մէջ ստեղծելու եւ պաշտպանելու «գեղեցկութեան ովասիսները» - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները զարգացնելու իրենց տաղանդները, սատարելու համար «բնապահպանողական դարձի» մը, որ ճանչնայ ամէն մէկ անհատի արժանապատուութիւնը, անոր իւրայատուկ արժէքը եւ անոր կարողութիւնը ստեղծագործութեամբ խթանելու հասարակաց բարիքը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ քաջալերեց «գեղեցկութեան սարկաւագութիւն» շարժումի անդամները խթանելու հանդիպումի մշակոյթը, կառուցելու մարդոց եւ ժողովուրդներու միջեւ կամուրջներ, աշխարհի մը մէջ, ըսաւ Ան, ուր ուրիշներէն վախի հետեւանքով կը կառուցուին պատնէշներ։

«Եկեղեցին ձեզի կը վստահի որպէսզի շօշափելի դարձնէք Աստուած սիրոյ անպատմելի գեղեցկութիւնը եւ իւրաքանչիւր մարդու առիթ ընծայէք բացայայտելու Աստուծմէ սիրուած ըլլալու գեղեցկութիւնը ու ապրելու այդ սէրը զայն վկայելով ուրիշներուն, յատկապէս անոնց որոնք բացառուած, վիրաւոր, ու մերժուած են ընկերութենէն» ըսաւ Քահանայապետը ու պատգամը եզրափակեց բոլոր ներկաները յանձնելով Երանելի Եղբայր Անճելիքոյին ու շարժումի բոլոր անդամներուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.