2018-02-24 09:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը՝ Արեքիփայի (Փերու) մէջ պատահած արկածին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող նամակով մը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր ուղղեց Արեքիփայի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Խավիէ Ռիօ Ալպային՝ ի լուր ճանապարհորդական փոխադրակառքի մը արկածին որուն պատճառաւ զոհուեցան 30 անձինք ու կան տասնեակ այլ վիրաւորներ։

«Այս ցաւալի ծանր պահերուն Սրբազան Քահանայապետը  մօտիկ է զոհերու ընտանիքներուն ու պատկառապէս մանուկներուն, ու հայցելով Աստուածամօր մայրական բարեխօսութիւնը առաքելական օրհնութիւններ կ՛ուղարկէ, որպէս քրիստոնէական յոյսի նշան» գրուած է հեռագիրին մէջ։

Արկածը տեղի ուզեցած էր անցեալ չորեքշաբթի օր, ճամփորդական փոխադրակառքի մը ձոր գլորումով, մինչեւ օրս տակաւին անյայտ պատճառներու բերումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.