2018-02-23 10:35:00

Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին


Կրօնաւորներու եւ վանականներու համար շատ կարեւոր է աղօթքի կեանքը։ Անոնք հասարակաց եւ առանձնական աղօթքները կը նուիրեն շատ մը դիտաւորութիւններու, ոչ միայն աղօթելով իրենց կարիքներուն եւ հոգւոյն փրկութեան համար, այլ բազմաթիւ աղօթքներ կը բարձրացնեն շատերու, կենդանիներու եւ հանգուցեալներու համար։ Այս աղօթքներուն մէջ շատ անգամ կը յիշուին նաեւ Աստուածածինը եւ սուրբերը, մասնաւորապէս Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը, Սուրբ Ստեփանոս Նախավկան եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը։ Բազմաթիւ են այդ աղօթքներու օրինակները, թէ՛ ժամերգութիւններու եւ թէ՛ այլ աղօթքներու մէջ։ Ոմանք կʼառարկեն, թէ անհատ մը կրնայ աղօթել միայն իր անձին համար, եւ չի կրնար բարեխօս ըլլալ ուրիշին համար։ Այս հարցի նկատմամբ կարդանք Բարսեղ Շնորհալիի խօսքերը, Մարկոսի Աւետարանի մեկնութեան երկէն։ Բարսեղ Շնորհալի կը գրէ՝

«Թերեւս պիտի ըսես, թէ ուրիշներու աղօթքին ես ի՞նչ պէտք ունիմ, երբ ես կը կատարեմ այդ. այո՛՝ պէտք ունիս։

Ինչպէս անոնք որ նաւու մէջ են, պէտք ունին նաւապետին, եւ զօրքը՝ զօրավարին, եւ աշակերտները՝ ուսուցիչին. Պետրոս եւ Պօղոս ալ կարօտ եղան ուրիշներու աղօթքին, ո՞րքան առաւել դուն, որ շատ հեռու ես անոնցմէ։ Մտիկ ըրէ Պօղոսին, որ կʼըսէ՝ գիտեմ, որ այս պիտի պատահի ինծի ձեր աղօթքներուն պատճառով. եւ թէ՝ մեզի համար շատ աղօթքներ կը կատրուին։

Արդ, եթէ համարձակինք՝ կʼօգտուինք արդարներու աղօթքէն, իսկ եթէ ծուլանանք՝ չենք օգտուիր. որովհետեւ ի՞նչ օգուտ եղաւ ծոյլ հրեաներուն՝ Երեմիան։ Ո՞չ երեք անգամ մօտեցաւ Աստուծոյ եւ աղաչեց, եւ լսեց Անոր խօսքը՝ թէ այդ ժողովուրդին համար մի՛ աղօթեր, որովհետեւ քեզի պիտի չլսեմ։

Ի՞նչ օգնեց Սաւուղին՝ Սամուէլը, որ ոչ միայն կʼաղօթէր, այլ նաեւ անոր համար սուգի մէջ էր՝ արտասուաթոր աչքերով։

Արդ՝ արդարներու աղօթքները մեզի կʼօգնեն, եւ օգնութիւն են անոր՝ որ նաեւ ջանք կը թափէ, եւ օգնական անոր՝ որ ինքնին կը սկսի բանի մը։

Ինչպէս շատեր կʼըսեն իրենց սիրելիներուն, թէ սկսիր շէնքը կառուցել՝ մենք քեզի կʼօգնենք։ Այսպէս ալ մենք եթէ սկսինք աղաչել Աստուծոյ՝ այն ժամանակ կʼօգնեն նաեւ սուրբերը։ Որովհետեւ նախ մենք պէտք է դառնանք Աստուծոյ, որպէսզի Ան ալ մեզի դառնայ՝ օգնելու եւ փրկելու համար, այն խօսքին համաձայն՝ թէ, դարձէք ինծի ձեր զղջումով եւ սիրով, եւ ես պիտի դառնամ ձեզի գթութեամբ եւ ողորմածութեամբ։

Իսկ եթէ ծուլանանք՝ մեզի չեն օգներ. որովհետեւ եթէ ուրիշներու աղօքը, առանց մեր աղօթելուն մեզ արքայութիւն տանէր, ինչու՞ ուրեմն ոչ բոլոր անհաւատները քրիստոնեայ չեն ըլլար։ Արդեօք մենք չե՞նք աղօթեր բոլոր անհաւատներուն համար, եւ եկեղեցին բոլորին համար աղաչանք չի՞ ներկայացներ՝ որ դարձի գան։ Ինչու՞ անոնք կը մնան անհաւատութեան մէջ – որովհետեւ իրենք ջանք չեն թափեր, ապա եւ իրենց անձերուն չեն օգներ։

Գիտե՞ս թէ որքա՛ն օգտակար եղան աղօթքներ։ Յիշէ Կուռնելիոսը եւ Տաբիթան, որովհետեւ մէկը, եթէ ինքը չաղօթէր՝ միայն ուրիշներու աղօթքով շնորհքի պիտի չարժանանար. եւ միւսը՝ եթէ աղօթասէր եղած չըլլար՝ Պետրոսի աղօթքով պիտի չյառնէր։

Լսէ եւ Յակոբի խօսքը, ի՞նչ կʼըսէր ան իր աներ Լաբանի – եթէ իմ հօր աղօթքը չհասնէր՝ զիս դատարկ կʼարձակէիր։

Լսէ նաեւ թէ ի´նչ կʼըսէ Աստուած – վերակացու եղայ այս քաղաքին՝ Ինծի եւ իմ ծառայիս Դաւիթի համար։»

Բարսեղ ՇՆորհալի կը յիշէ այլ օրինակներ Աստուածաշունչէն, եւ կը շարունակէ՝ «Այս բոլորը իմանալով՝ մի արհամարհէք սուրբերու աղօթքները, եւ ոչ ալ ամէն ինչ անոնց թողուցէք։ Աղաչենք սուրբերուն, որ աղաչեն Աստուծոյ մեզի համար, եւ բարեխօս ըլլան մեզի Աստուծոյ մօտ։ Իսկ մենք առաքինի կեանք վարենք՝ որպէսզի Աստուած մեզ փրկէ փորձութենէն, որ մեզ այժմ կը նեղէ եւ կը տագնապեցնէ։ Ինչպէս Քրիստոս ա´յլ տեղ մը կʼըսէ, միշտ աղօթեցէք՝ որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք. Որովհետեւ մեր մարմինը տկար է, թէեւ մեր հոգին յօժար է՝ կրելու փորձութիւնները. սակայն առանց աղօթքի շնորհքին չենք կրնար Աստուծմէ օգնութիւն ընդունիլ, ուստի ասոր համար է որ Քրիստոս աւետարանիչիս բերնով կʼըսէ այս։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.