2018-02-23 10:10:00

Հոլանտայի խորհրդարանը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը


Հոլանտայի խորհրդարանը ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունեց երկրի համաձայնական կառավարութեան մէջ մտնող Քրիստոնէական միութիւն կուսակցութեան անդամ Ճոել Ֆորտեւինտի ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութեան երկու բանաձեւերը: Այս մասին` ըստ «Արմէնփրես»-ի, կը տեղեկացնէ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութեան նախագահ Մաթօ Հախվերտեան:

«Բանաձեւերու քուէարկութիւններուն կողմ եղած են գրեթէ բոլոր խմբակցութիւնները. դէմ քուէարկած է միայն փոքրաթիւ խմբակցութիւններէն մէկը, որուն երեք անդամներն ալ ազգութեամբ թուրք են: Բանաձեւերը ընդունուեցան 142 կողմ ձայներով», ըսած է Հախվերտեան:

Առաջին բանաձեւով կը վերահաստատուի Հոլանտայի կողմէ 2004-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին որոշումը, իսկ երկրորդով կը պարտադրուի կառավարութեան` նախարարի մակարդակով հինգ տարին մէկ անգամ 24 ապրիլին այցելել եւ յարգանքի տուրք մատուցել Ծիծեռնակաբերդի մէջ:

Երեւան կ՛ողջունէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Հոլանտայի Խորհրդարանի որոշումը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատելու վերաբերեալ:

«Բարձր կը գնահատենք բարեկամ Հոլանտայի խորհրդարանին մէջ այսօր տեղի ունեցած քննարկումները եւ ատոնց արդիւնքով ընդունուած բանաձեւերը, որոնք աներկբայօրէն կը վերահաստատեն 2004-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այս քայլով Հոլանտայի խորհրդարանը կրկին հաստատեց իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն, ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին», – ըսած է Նալպանտեան:

Reuters-ի հաղորդման համաձայն, քուէարկութենէն առաջ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սիկրիտ Գաակ ըսած է, որ երկրի կառավարութիւնը պիտի չհետեւի խորհրդարանի որոշումին: Ան ըսած է, որ «անցեալի դէպքերու մասին խօսելու ատեն պէտք է ծայրայեղ զգուշութեամբ կիրառել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը»:

«Կառավարութիւնը պէտք է շատ ուշադիր ըլլայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, որոնք առաջ աւելի լաւ եղած են», – աւելցուցած է նախարարը:

Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները լարուեցան 2017-ին, երբ Հոլանտայէն արտաքսեցին թուրք նախարարը, որ ժամանած էր թուրք բնակչութեան մէջ սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւ վարելու նպատակով:

 

Անգարան արձագանգած է Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:

Վկայակոչելով  Anadolu լրատուական կայքը՝ Artsakhpress.am-ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն դատապարտած է հոլանտական խորհրդարանին որոշումը` զայն անուանելով «անհիմն» եւ «իրաւական ուժ» չունեցող:

Նշենք, որ Հոլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատի անդամները հաւանութիւն տուած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: Միեւնոյն ժամանակ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Սիկրիտ Գաակը նշած էր, որ Հոլանտայի կառավարութիւնը չի հետեւի խորհրդարանի օրինակին: Անոր խօսքով` կառավարութիւնը «պիտի շարունակէ զսպուածութիւն ցուցաբերել»:

Խորհրդարանականները նաեւ որոշած են, որ կառավարութեան անդամը պիտի մասնակցի Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ յիշատակի ձեռնարկներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.