2018-02-22 11:44:00

Քահանայապետին օգնական ինը կարդինալներու խորհուրդի ժողովի մասին զրոյց։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 26 փետրուար 2018-ին,  կը  գումարուի Ֆրանչիսկոս Պապին օգնական ինը կարդինալներու խորհուրտի  2018  տարեշրջանին  առաջին  ժողովը :

Կարդինալական այս մարմինը հիմնուած է 28 սեպտեմբեր 2013-ին, եւ  ունի որպէս նպատակ   քահանայապետին օգնել  Տիեզերական եկեղեցւոյ կառավարման ծիրէն ներս եւ ուսումնասիրել ծրագիրներ վերատեսելու  համար Հռոմի Քուրիայի առաքելական սահմանադրութիւնը:  

Ի տես 26 փերտուարի  ինը կարդինալներու ժողովին,  «Vatican News» Վատիկանի պաշտօնական լրատու գործակալութեան հետ  ունեցած զրոյցի մը ընթացքին,  կարդինալական   խորհուրդի քարտուղար՝ Գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարրոօ  յայտնեց թէ  26  Փետրուարին  նիստի  օրակարգը կը  նախատեսէ  Սուրբ Աթոռի զանազան հիմնական ժողովներու վերատեսում , որոնք  արդէն եզրափակիչ փուլին  մէջ կը գտնուին ու պիտի վերատեսուին  9 կարդինալներու  մինչեւ ցայսօր  ամբողջացուցած աշխատանքները:

Գերապայծառ  Սեմերարրօ ակնարկելով  տեղի ունեցած բարեփոխումներուն,  դիտել տուաւ  որ   այդ  բարեփոխումներու ամենէն կարեւորն ու  էականան «հոգեւոր  ծաւալն է»   եւ ոչ թէ կառոյցներունը։

Ան անդրադառաւ Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ Արիչչիա քաղաքին մէջ կատարուած Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր Կրթութեան,  դիտել տալով որ  Ֆրանչիսկոս Պապին  համար Հռոմի Քուրիայի հոգեւոր կրթութիւնը  առիթ է նաեւ Հռոմի Քուրիայի զանազան   համագործակիցներու  հետ հանդիպելու։   

Գերապայծառ Սեմերարօ ապա յայտնեց որ Ֆրանչիսկոս Պապին համար 'բարեփոխումներուն առաջնահերթ նպատակն է մտայնութեան փոփոխութիւնը  եւ Վատիկանի զանազան հաստատութիւններու վերատեսումը՝   Աւետարանի եւ եկեղեցգւոյ առաքելութեան լոյսին ներքոյ:  Ան նկատել  տուաւ որ Ֆրանչիսկոս Պապին համար բարեփոխում կատարել չի նշանակեր սխալ բան մը սրբագրել, դիտել տալով  թէ եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթին, միշտ  բարեփոխումներ  տեղի ունեցած են, թուելով  Պիոս Ժ,  Պօղոս Զ եւ ՅՊԲ ու նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ,  որոնց օրերուն եւս  բարեկարգումներ կատարուած են: «Իսկական բարեկարգումը կը սկսի դարձէն, ապաշխարութենէն»  հաստատած է միշտ Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.