2018-02-22 12:26:00

Տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի նախագահներուն հանդիպումը


Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հայաստան, ուր ան այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ:

Առաջին անգամ Հայաստան այցելող նախագահ Աուն Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արմէն Պապիկեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակի փոխնախագահ Վարդան Մակարեանի, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեանի, արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան բաժինի պատասխանատու Սարմէն Պաղտասարեանի, Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի կողմէ:

Նախագահ Աուն դիմաւորուեցաւ նաեւ աւանդական աղ ու հացով, որմէ ետք պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ս. Էջիմածին:

Էջմիածինէն ետք նախագահ Աուն այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր ան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ Ցեղասպանութեան թանգարանի փոխտնօրէն Գէորգ Վարդանեանի կողմէ:

Նախագահ Աուն Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ապա ան իր անունով մասնակցեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ծառատնկումին եւ ուղղուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարան:

Ցեղասպանութեան թանգարանի յիշատակի մատեանին մէջ նախագահ Աուն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այս թանգարանին մէջ վկայեցի սարսափելի նկարներ ու շօշափելի փաստեր, որոնք կը պատմեն հայ ժողովուրդի պատմութեան արիւնալի փուլին մասին, երբ անոնք վայրագ սպանդներու ենթարկուեցան: Սպանդներ, որոնց նմանը դարերու ընթացքին քիչ պատահած է: Այս փաստերը կը մղեն, որ հաստատեմ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան իմաստով արդարութիւնը պէտք է պարտադրուի, որպէսզի յիշողութիւնը բիւրեղանայ եւ անիրաւութեան դէմ իրաւունքի յաղթանակին նկատմամբ վստահութիւնը կարելի ըլլայ վերահաստատել:

Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, նախագահ Աուն «Ռատիսըն Պլու» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ ապրող լիբանանահայերու հետ` կազմակերպութեամբ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի:








All the contents on this site are copyrighted ©.