2018-02-20 09:55:00

Յառաջիկայ 17 մարտ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ «Փատրէ Փիոյի» քաղաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 17 մարտ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն  պիտի կատարէ Իտալիոյ Պենեվենթօ Թեմին մաս կազմող սուրբ «Padre Pio»-ի քաղաքը՝ Փիեթրալչինա, Փիեթրալչինայի սուրբին մարմնին վրայ Յիսուսի հինգ վէրքերու յայտնաբերումին 100-րդ տարեդարձին առթիւ։ Քահանայապետը ապա այցելութիւն պիտի տայ Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ հիւանդանոցին՝  Փիեթրալչինայի Սուրբ Փիոյի մահուան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։

Հովուական այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ մեկնում Վատիկանի ուղղաթիռային կայանէն առաւօտեան ժամը 7-ին ու մէկ ժամ ճամբորդութենէն ետք ժամանում Փիեթրալչինա՝ ուր Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի տեղւոյն եպիսկոպոս գերապայծառ Ֆելիչէ Աքրոքքայի եւ Փեթրալչինայի քաղաքապետ՝ Տիար Տոմենիքօ Մազոնէի կողմէ։ Ֆրանչիսկոս Պապ պահ մը ամփոփուելէ ետք «Յիսուսի վէրքերու» նուիրուած մատրան մէջ, հանդիպում կ՛ունենայ Փիեթրալչինայի բնակչութեան հետ ինչպէս նաեւ Քափուչին միաբանութեան հասարակութեան հետ, հանդիպումի մասնակցողներուն ուղղելով իր սրտի խօսքը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ինքնաթիռով  կ՛ուղղուի Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ ուր կը ժամանէ 9.30-ին այնտեղ եւս դիմաւորուելով Թեմին եպիսկոպոսի ու քաղաքի քաղաքապետին կողմէ, ու անոնց հետ միասին կ՛ուղղուի Փատրէ Փիոյի հիմնած Սան Ճովաննի Ռոթոնտոյի հիւանդանոց՝ ուր այցելելէ ետք  մանկաբուժարանը, «San Pio da Pietrelcina»-ի նուիրուած եկեղեցւոյ հիւանդանոցի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին հանդիպում կ՛ունենայ Քափուչին միաբանութեան հասարակութեան հետ, հուսկ 12.45-ին հրաժեշտ առնելով ներկաներէն վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.