2018-02-20 12:50:00

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզները բովանդակող գիրքի 3 –րդ հատորը


(Ռատիօ Վատիկան) Լոյս տեսաւ «Ռիցցոլի» հրատարակչատան Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ արտասանած քարոզներուն գիրքին երրորդ հատորը, որուն նախաբանը գրած է քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահը՝ կարդինալ ճանֆրանքօ Ռավազին։

«Ռիցցոլի» հրատարակչատան այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ ֆրանչիսկոս Պապ՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ արտասանած քարոզներով սկիզբ տուաւ առաւօտեան Սուրբ պատարագը ապրելու նոր ձեւի մը  եւ այդ նորութիւնը կը հայի Անոր ներկայացուցած անպատրաստից քարոզներուն մէջ: 

«Ֆրանչիկոս Պապին ոճը յստակ ու թափանցիկ  ոճ է» կը գրէ  կարդինալ Ռավազի գիրքին նախաբանին մէջ. «ֆրանչիսկոս Պապ էականը կը սիրէ, այսինքն պարզութիւնն ու յստակութիւնը, առանց ճիւղաւորումներու եւ առանց բարդ նախադասութիւններու» աւելցուցած է մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը։

«Ֆրանչիսկոս Պապի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ արտասանած  քարոզները պարունակող 3-րդ հատորին մէջ կը բովանդակուի  Ռատիօ Վատիկանի լրագրողներու կողմէ գրանցուած շուրջ 200 քարոզներ» նշած է  Ռիզզոլի հրատարկչատունը նկատելով որ սոյն հատորը յատուկ առիթ է ընկալելու համար մեծ քարոզիչի մը բնոյթն ու տեսլականը, որ մեզի կը շնորհէ Աստուծոյ խօսքին մէջ ներթափանցելու բանալին:   «Ժամանակները կը փոխուին եւ մենք Քրիստոնեաներս պէտք ենք շարունակաբար փոխուիլ՝ մնալով ամրապնդուած Յիսուսի Քրիստոսի հաւատքի եւ Աւետարանի ճշմարտութեան մէջ, սակայն մեր վարուելակերպը պէտք է յարատեւօրէն շարժի ՝ ժամանակներու նշաններու համաձայն»: Ազատ ենք. Ազատ ենք Յիսուս Քրիստոսի մեզի պարգեւած  ազատութեան շնորհիւ: Սակայն մեր գործն է հասկնալ, թէ ինչ կը պատահի մեր մէջ, զատորոշել մեր զգացումներն ու մեր մտածումները ու նայիլ նաեւ մեզմէ դուրս պատահած իրողութիւններուն եւ զատորոշել ժամանակներուն նշանները: Այս մէկը ընել լռութեամբ, խոկումի եւ աղօթքի միջոցաւ» գրած է Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին գիրքի նախաբանին մէջ:   








All the contents on this site are copyrighted ©.