2018-02-20 08:31:00

Լոյս տեսած է Վազգէն Ա Կաթողիկոսի քարոզներու եւ խօսքերու ժողովածուն


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը լոյս  ընծայած է երջանկայիշատակ Վազգէն Ա Պալճեան (1955-1994թթ.) Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Երկերու ժողովածուի Բ հատորը`«Քարոզներ եւ խօսքեր» վերնագիրով` նուիրուած Հայոց 130-րդ Հովուապետի ծննդեան 110-ամեակին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, Տեղեկատուական համակարգէն, ժողովածուին մէջ տեղ  գտած են Վազգէն Ա Կաթողիկոսի` տարբեր եկեղեցական տօներու եւ յիշարժան արարողութիւններու առիթներով խօսուած քարոզները, որոնք ի մի բերուած են ցայսօր Վեհափառ Հայրապետին նուիրուած ժողովածուներէն եւ «Էջմիածին» ամսագիրէն:

Ժողովածուն հրատարակութեան  պատրաստուած է Հրատարակչական բաժինի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեանի ջանքերով:

Գիրքը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ

 








All the contents on this site are copyrighted ©.