2018-02-19 11:23:00

Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայել Սաքոյի 2018ի քառասնորդացի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու Պատրիարք Լուիս Ռաֆայել Սաքօ  հրապարակեց 2018-ի քառասնորդաց շրջանի պատգամը,  որուն  մէջ յորդոր ուղղեց  աշխատելու Քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ  խաղաղ համակեցութեան ի նպաստ՝ Յիսուսի ուսուցած սիրոյն համաձայն:

Ան յոյս յայտնեց,  որ քառասնորդաց շրջանը  առիթ հանդիսանայ խուսափելու աշխարհիկ փորձութիւններէն եւ մահմետական հասարակութեան հետ  հաստատելու  խաղաղ համակեցութիւն, անոնց հետ  երկխօսութիւն կատարելով,  այն համոզմունքով, որ  քրիստոնեաները լիուլի մաս կը կազմեն Իրաքի Պատմութեան ու մշակոյթին : 

Պատրիարքը  պատգամին մէջ  անդրադարձաւ  Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակի մասին եւ շեշտը դրաւ Յիսուսի Սուրբ Յարութեան տօնին հոգեւոր ուղեւորութեան վրայ։ Ան յորդորեց  այդ  շրջանին ամէն օր ծոմ պահել՝ -բացի կիրակի օրուընէ,  մասնակցիլ Սուրբ պատարագին, աղօթել խաղաղութեան համար ու Իրաքի եւ տարածաշրջանի կայունութեան դիտաւորութեան։ Սաքօ Պատրիարքը ապա խրախուսեց ամէն օր կարդալ սուրբ գիրքը, կատարել ողորմութիւն ու չի քննադատել ուրիշները , այլ բաց սիրտով ձգտիլ քրիստոնեաներու միջեւ միութեան՝  ու աշխատիլ   Քրիստոնեաներու եւ մահմետականներուն միջեւ  խաղաղ համակեցութեան ի սպաս, Յիսուսին մեզի սորվեցուցած սիրոյն համեմատ։

Պատրիարքը պատգամին մէջ քրիստոնեաները կը հրաւիրէ ճանչնալու  Իրաքի մէջ իրենց պատմական ներկայութիւնը,  որպէս մասնիկ ազգային կեանքին ու ընդհատելու «անկումը»։ Քրիստոնեաները կը գրէ Քաղդէացիներու Պատրիարքը – այս երկրին մէջ ունեցան պատմական ներկայութիւն ուր ունին յատուկ դերակատարութիւն եւ պատգամ մը։ Պէտք է ստանձնենք մեր պատասխանատուութիւնը  անկեղծ երկխօսութեամբ, իմաստութեամբ  ու եւ տեսողութեամբ, արդիւնաբեր դարձնելու համար  համակեցութեան  տիպարները ի նպաստ խաղաղութեան, կայունութեան եւ ազատութեան կերտումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.