2018-02-18 09:16:00

Կիրակի 18 Փետրուար 2018 -Բ. Կիրակի Քառասնորդաց


Օրէնքները եւ գերագոյն Օրէնքը  (Մատթէոս  Ե. 17-30)

Յիսուս աշխարհ եկած է առաքելութեան մը համար։ Ան կ՛ուզէ հասկցնել մարդկութեան թէ Օրէնքը տառացիօրէն գործադրելով չէ որ կրնայ մէկը փրկութեան հասնիլ, այլ ներքին փոփոխութիւն մը հարկաւոր է ամէն մարդու համար։ Մարդը մեղքի առաջնորդողը ներքին փափաքն է, ցանկութիւնը, քէնը, վրէժխնդրութիւնը։ Ուստի չի բաւեր ըսել թէ չենք մեղանչեր, ուստի արդար ենք. Հարկ է որ մեր մէջէն արմատախիլ ընենք ոխակալութեան, նախանձի եւ ընչաքաղցութեան ամէն զգացում, որպէսզի նախ մեր սիրտը մաքրուի եւ մեր հոգին վստահաբար աւելի մաքուր կ՛ըլլայ։
Մովսէս տուաւ ժողովուրդին օրէնք մը, որ ներշնչուած է Աստուծմէ. Մովսէս ինք չհնարեց այդ օրէնքները, այլ Աստուծոյ տուած ուղղութիւններուն հետեւեցաւ. Ուստի Օրէնքը կու գայ Տորոջմէ, եւ կարելի չէ զայն մերժել կամ ջնջել։ Եթէ Յիսուս ջնջել տար կարգ մը օրէնքներ եւ սորվեցնէր ժողովուրդին այդպէս ընթանալ, հակառակ գործած պիտի ըլլար իր Հօր կամքին եւ անոր դրած օրէնսդրութեան։  Բայց ինչ որ Յիսուս կ՛ուզէ բացատրել` այս է. թէ այդ օրէնքները զորս իր Հայրը տուած է Մովսէսի, յաճախ սխալ մեկնաբանուած են եւ անոնց տառացի գործադրութիւնը աւելի կրնայ վնասել մարդուն քան թէ բարիք ընել։
Բոլոր օրէնքները ենթակայ են մեծագոյն Oրէնքի մը, որ է եղբայրսիրութեան օրէնքը։ Եթէ օրէնքի մը գործադրութիւնը կ՛ենթադրէ ոչ եղբայրսիրական արտայայտութիւն մը կամ արարք մը, նովին գործով` այդ օրէնքի գործադրութիւնը կրնայ երկրորդական կարգի անցնիլ։ Օրինակի համար, Հրէաները կը գործադրէին անխախտ կերպով շաբաթ օրուած հանգիստի օրէնքը, այն աստիճան որ ոմանք իրենց ընկերոջ օգնութեան չէին հասներ, երբ ան վտանգի կամ նեղութեան մէջ գտնուէր շաբաթ օր մը։ 
Մաքրութեան օրէնքը կ՛արգիլէր իրենց արեան դպչելու։ Այսպէս կը տեսնենք օրէնքի մարդ մը, Ղեւտացին, տաճարի մարդ մը` քահանան, որոնք օգնութեան չեն փութար գետին ինկած մահամերձ ու վիրաւոր հրէայի մը, որովհետեւ ան արիւնլուայ է. անոր դպչելով` կրնան աղտոտուիլ եւ օրէնքի համաձայն` պիղծ նկատուիլ։
Այսպիսի եւ շատ մը ուրիշ պարագաներու մէջ` Յիսուս կը թուի հակառակիլ օրէնքին, սակայն ան չի ջնջեր զայն, այլ կ՛ուզէ կատարելագործել եւ սորվեցնել թէ ինչն է կարեւորագոյնը մարդուս կեանքին մէջ, օրինապահութիւնը՞ թէ եղբայրսիրութիւնը, պատարագը՞ թէ ողորմութիւնը։
Եթէ այսօր կ՛ուզենք հետեւիլ Քրիստոսի ցուցմունքներուն, մենք չենք կրնար նկատի չառնել օրէնքները, ըլլան անոնք մարդկային, ընկերային, քաղաքական, բարոյական թէ եկեղեցական. Կարելի չէ այս օրէնքներուն չհնազանդիլ, առարկելով թէ մենք միայն Քրիստոսի օրէնքին կը հետեւինք։ Քրիստոսի օրէնքը կ՛ենթադրէ այս բոլոր հիմնական օրէնքները, անոնց վրայ աւելցնելով սիրոյ օրէնքը, որ ենթահողը կը կազմէ ամէն օրէնսդրութեան, որ հիմնուած է փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի ու արդարութեան վրայ։
Ուրիշ կէտ մը զոր Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի այն է որ Աստուծոյ սէրը չի կրնար արհամարհել սէրը ընկերոջ հանդէպ։ Այլ խօսքով, ինչպէս կ՛ըսէ Յովհաննէս Առաքեալ, կարելի չէ սիրել զԱստուած որ չենք տեսներ եթէ նախ չսիրենք մեր ընկերը զոր կը տեսնենք եւ որուն հետ կ՛ապրինք։ Ամէն։
Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.