2018-02-17 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Սարտէնյայի քահանայապետական դպրեվանքի հասարակութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ Սարտէնյա կղզիի Քահանայապետական նորընծայարանին հիմնադրութեան 90-րդ ամեակի առիթով, շաբաթ, 17 փետրուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց վերոնշեալ դպրեվանքի հասարակութիւնը:  Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկեց նորընծայարանին պատմութեան որ հիմնուած է Պիոս ԺԱ կամքով, կեդրոնական եւ հարաւային Իտալիոյ մէջ ապագացու քահանաներ պատրաստելու նպատակով։    

Ֆրանչիսկոս Պապ գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ,  Յիսուսի Սուրբ Սիրտին  նուիրուած Սարտէնյայի դպրեվանքին մէջ տարիներու հոլովոյթին բազմաթիւ քահանաներու կազմաւորման  ընկերացած ըլլալուն համար,  դիտել տալով որ այդ դպրեվանքը տուած է բազմաթիւ քահանաներ որոնք կը գործեն տեղական եկեղեցիներու մէջ ինչպէս նաեւ  անոնցմէ շատերը  յանձնառու են ժողովուրդներու առաքելութեան եւ Տիեզերական եկեղեցւոյ այլ ծառայութիւններուն մէջ,  մաղթելով որ դպրեվանքի հիմնադրութեան տօնախումբը նոր սլացք տայ կոչումներու հովուական խնամակալութեան,  ի փառս Աստուծոյ ժողովուրդին: 

Սրբազան Հայրը  ապա խօսքը ուղղելով դպրեվանքի նորընծաներուն,  դիտել տուաւ որ ներկայի  նիւթական ու հոգեւոր աղքատութիւնները, առ աւելիով կը պահանջեն,  որ հովիւները պարզ կեանք մը վարելով, նեցուկ ու  ուշադիր  ըլլան աղքատներուն,  որպէսզի անոնք  եկեղեցւոյ մէջ տեսնեն իրենց  բնակարաններու առաջին վայրը։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց նորընծաները,   դառնալ  ժողովուրդի համար քահանաներ  եւ ոչ իրենց  յանձնուած հօտին տիրապետողները՝ այլ ծառայողներ, ընդգծելով որ յոյժ կարիքը կայ Աստուծոյ մարդոց,  որոնք  էականին կը նային եւ որ թափանցիկ կեանք կ՝ապրին:  

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա նկատել տուաւ որ դպրեվանքը, Աստուածաբանական եւ Հովուական խնամակալութեան ուսմունքի վայր ըլլալէ առաջ,  իսկական եւ յատուկ  եկեղեցական փորձառութիւն է  ինւպէս նաեւ միսիոնար առաքեալներու  յատուկ    հասարակութիւն  մը,  որուն անդամները   կանչուած են մօտէն հետեւելու Յիսուս Քրիստոսին,  Անոր հետ գիշեր ցերեկ մնալու- եւ կիսելու Խաչելութեան ու Յարութեան խորհուրդը ՝ պատրաստակամ  Սուրբ Հոգիին :

Ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը  կարեւոր համարեց դպրեվանքի դաստիարակիչներու դերը,  դիտել տալով որ քահանաներու որակը մեծ մասամբ կախեալ է կազմաւորումի պատասխանատուներուն յանձնառումէն: Ան յորդորեց կազմաւորումի պատասխանատուները,  իմաստութեամբ ու արդարամտութեամբ աշխատիլ,  հաւասարակշիռ եւ պարտաճանաչ անձնաւորութիւնիններ պատրաստելու համար, որպէսզի անոնք ի վիճակի ըլլան պատասխանատուութեամբ կատարելու  քահանայական առաքելութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց Սարտէնյայի   քահանայապետական դպրեվանքի հասարակութիւնը  յանձնելով «Պոնարիա» Տիրամօր հովանին ու նշելով թէ  դպրեվանքը այն առանձնաշնորհեալ վայրն է ուր կը փորձարկուի Տիրամօր սիրալիր ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս:








All the contents on this site are copyrighted ©.