2018-02-16 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Հռոմի Մարոնիթ դպրեվանքի հասարակութեան հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 16 փետրուար 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Մարոնիթներու դպրեվանքի հասարակութեան հետ, դպրեվանքի նոր «կանոնագիրքի» վաւերացումի 10-րդ տարեդարձին առիթով։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշեց նորընծաներուն Հռոմի մէջ անցուցած շրջանին որ ժամանակն է -ըսաւ Ան - «ամրապնդելու արմատները», աւելցնելով թէ այդ արմատները կը տանին նաեւ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հիմնադիրին՝ Սուրբ Մարոնին որուն ծիսական տօնը նշուեցաւ մի քանի օրեր առաջ։

Սրբազան Հայրը ապա զգուշացուց ներկաները  անցողականի ու երեւոյթի մշակոյթէն ու թելադրեց Հռոմի մէջ անցուցած շրջանին կազմել «հակաթիւններ» աշխարհիկութեան ու  միջակութեան դէմ, կազմաւորումի տարիները նմանեցնելով «մարզահամալիրի» ուր Աստուծոյ օգնութեամբ ամրապնդել հիմքերը որոնք հիմնուած են աղօթքի ու ներքին աճումի վրայ։

Մարդկային, մտային ու հոգեւոր հարստութիւնը որ պիտի ընդունիք այս տարիներուն ձեզի վերապահուած  մրցանակ մը չէ այլ գանձ մըն է որ տրամադրուած է հաւատացեալներուն որոնք ձեզ կը սպասեն ձեր ժողովրդապետութիւններուն մէջ, որովհետեւ դուք կանչուած չէք «պաշտօն» մը ստանձնելու այլ վեհանձն օրէն ապրելու առաքելութիւն մը, որպէս հովիւներ սերտ կապ ունենալով հօտին հետ ու ապրելով անոնց ուրախութիւններն ու տառապանքը եւ օրուան աւարտին Տիրոջ յանձնելով սէրը՝ զոր ընդունեցաք եւ նուիրեցէք - ըսաւ Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց Միջին Արեւելքի կացութեան ու այդ իրավիճակին ներքոյ հովիւի մը առաքելութեան որ պէտք է յատկանշուի քաջութեամբ. հովիւներ որոնք պատրաստ են միշտ սրբելու արցունքները ու շոյելու տառապող դիմագծերը, հովիւներ  որոնք կը մոռնան իրենք զիրենք ու ամէն օր Սուրբ Հաղորդութենէն կը քաղեն ծարաւն յագեցնող սիրոյ անուշ ուժը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց «Ի տես բազմաթիւ պահանջներուն մի գուցէ ունենաք փորձութիւնը վարուելու աշխարհի տրամաբանութեամբ, փնտռելով զօրաւորը՝ փոխանակ տկարին, նայելով ունեւորին փոխանակ կարիքաւորին։ Այդ պահուն սակայն հարկաւոր է որ դուք անմիջապէս վերադառնաք արմատին՝ Յիսուսին որ հրաժարեցաւ փառքէն, դրամէն, որովհետեւ միակ գանձը որ Անոր կեանքը կ՛ուղեւորէր՝ Հօր Աստուծոյ կամքն էր. Փրկութիւնը հռչակել բոլոր ազգերուն ու կեանքով աւետել Աստուծոյ ողորմութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց հուսկ Լիբանանցի սուրբեր Սուրբ Շարպելի եւ Սրբուհի Ռաքայի զանոնք ներկայացնելով որպէս սրբութեան հերոսներ ու տիպարներ որոնք մերժեցին փառքի, կղերապաշտութեան ու իշխանութեան փորձութիւնները, նուիրուելով ծառայութեան՝որ է Յիսուսին միակ ճանապարհը։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ երկու բառերու վրայ՝ առաջինը խաղաղութիւնը ։ Լիբանանը խաղաղութեան կոչում ունի, ըսաւ Քահանայապետը, եւ դուք ձեր առաքելութեան ընդմէջէն պարտականութիւնն ունիք ծառայելու բոլոր եղբայրներուն ու այնպէս գործելու որ Լիբանանը համապատասխանէ իր կոչումին՝«ըլլալու լոյս տարածաշրջանի ժողովուրդներուն ու նշան այն խաղաղութեան որ կու գայ Աստուծմէ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոսին խօսքերը, ապա նշեց երկրորդ բառը՝ երիտասարդութիւն։ Մենք որպէս եկեղեցի կ՛ուզենք երիտասարդներ ունենալ մեր սրտին մէջ, անոնց ընկերանալ համբերութեամբ, անոնց նուիրելով ժամանակ եւ ունկնդրութիւն.  Երիտասարդները ապագայի խոստումն են - ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու մէջբերեց Պենետիկտոս Քահանայապետին խօսքերը « Լիբանանի երիտասարդներ, եղէք հիւրընկալ ու բաց, այնպէս ինչպէս ձեզմէ կը խնդրէ Քրիստոսը եւ այնպէս ինչպէս ձեր երկիրը ձեզի կը սովրեցնէ»։

«Ձեզի կը մնայ առաքելութիւնը՝ անոնց օգնել բանալու համար իրենց սրտերը բարիին, որպէսզի փորձարկեն ուրախութիւնը ընկելու Տէրը իրենց կեանքէն ներս» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ ու ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու զանոնք յանձնելով Լիբանանի Տիրամօր հովանիին։ Ապա շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.