2018-02-16 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ . Ծոմ պահել հետեւողականութեամբ ու ուրիշները օգնելու համար


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 16 փետրուար 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ մատուցեց Սուրբ Պատարագ ու  այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ անդրադարձաւ իսկական ծոմապահութեան,  զգուշացնելով կեղծ ծոմ պահելու վտանգէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ծոմ պահել ծածուկ կերպով ՝ առանց   ուրիշներուն ցոյց տալու թէ ծոմ կը պահենք, ըսաւ Ան -  արհամարհելով  կամ վիճելով անոնց հետ:  «Ծոմապահութիւնը կը կայանայ ուրիշները  օգնելու մէջ» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով որ   ծոմապահութիւնը քառասնորդացի պարտականութիւններէն մին է եւ թէ  այն պարագային երբ   կարող չենք ամբողջութեամբ ծոմ պահել՝ այսինքն բոլոր օրը անօթի մնալ,   յորդորեց խոնարհ  ծոմ պահել, թելադրելով որ ան  ըլլայ հարազատ ու  իսկական:   

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց  նաեւ, որ ծոմ պահելու ժամանակ  հարկաւոր է միշտ ուրախ եւ զուարթ  ժպիտ ունենալ որպէսզի  ցոյց  չի տանք ուրիշներուն որ ապաշխարանքի մէջ ենք,  ընդգծելով որ ծոմապահութիւնը խոնարհութեան մէջ  կը կայանայ  եւ ան կը կատարուի մեր մեղքերուն մասին մտածելով ապա Տիրոջմէ ներում հայցելով:  

Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ նաեւ որ Յիսուս մեզմէ կը  խնդրէ,   որ ծոմ պահենք  անօթիին հետ  հացը կիսելով,  թշուառները  մեր բնակարաններուն մէջ  հիւրասիրելով  , մերկը զգեստաւորելով:

Ան  քարոզը  եզրափակեց ընդգծելով,  որ  այն ժամանակ երբ ծոմապահութիւնը  օգուտ չի բերեր ուրիշներուն,   կեղծ եւ ոչ հետեւողական ծոմապահութիւն է ու կ՝առաջնորդէ կեղծաւոր կեանքի: Հետեւաբար ըսաւ Սրբազան Հայրը    «Տիրոջմէ հայցենք  հետեւողականութեան շնորհքը» , ու հրաւիրեց  «Քրիստոնէական հետեւողականութեան հոգիով կատարել ծոմապահութիւնը» ապա թէ ոչ  « նախընտրելի երբեք չի կատարել զայն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.