2018-02-16 08:44:00

Վատիկանի Վերին իշխանութեան քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը՝ 18-23 փետրուարին։


(Ռատիօ Վատիկան) 18 – 23 փետրուար 2018-ին, Հռոմի շրջակայքը գտնուող Արիչչա քաղաքի «Աստուածային Վարդապետ» անուան կեդրոնին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Հռոմի Քուրիայի – Վատիկանի վերին իշխանութեան անդամներուն քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը որուն իր մասնակցութիւնն կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսոոս Սրբազան Քահանայապետը եւ որուն այս տարուայ քարոզիչն է Լիսպոնի Կաթողիկէ համալսարանի  եւ մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի խորհրդատու՝ Հայր  Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսա որ որպէս 2018 տարուայ քառասնորդացի հոգեւոր  կրթութեան խորհրդածութեան նիւթ ընտրած է«ծարաւի գովաբանութիւնը»։

1965-ի ծնունդ Փորթուկալցի Հայր Տէ Մենտոսան քահանայ ձեռնադրուած է 1990-ին։ Աստուածաբան եւ բանաստեղծ Հայր Մենտոսա իր երկրին ամենէհեղինակաւոր ձայներէն մին է։

Վատիկանի լրատուական սպասարկութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ան յայտնած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ հովիւ եւ հայր է ու թէ անոր մարգարէական խօսքերն ու արարքները ինչպէս նաեւ անոր պարզ ու ազդեցիկ հաղորդակցութիւնը մեզի կը վերապարգեւեն Աւետարանի թարմութիւնն ու բուրմունքը։

Հայր Մենտոնսա նշած է նաեւ թէ «հեզութեամբ ընկալած է Քահանայապետին հրաւէրը վարելու հոգեւոր կրթութիւնը, դիտել տալով թէ այս մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ որպէս պարզ քահանայ մը՝ ու Եկեղեցւոյ եւ Սրբազան Պապին ծառայական հոգիով։ 

Հոգեւոր կրթութեան ընթացքին ան պիտի շօշափէ հետեւեալ նիւթերը «Զարմանքի աշակերտներ», «Ծարաւի գիտութիւնը», «Անդրադարձայ թէ ծարաւ էի», «Ոչնչութեան ծարաւը», «Յիսուսին ծարաւը», «Արցունքները որոնք այդ ծարաւի մասին կը խօսին», «Ըմպել սեփական ծարաւէն», «Ցանկութեան ձեւերը», «Ունկնդրել արուարձաններու ծարաւը» եւ «Ծարաւի երանութիւնները»։

Ամէն մարդ էակ ծարաւի է։ Ծարաւն ունինք սիրոյ, ճանաչումի, յարաբերութիւններու, արժանապատուութեան, երկխօսութեան, հանդիպումի ու մարդկայնութեան ինչպէս նաեւ առատ ծարաւն ունինք Աստուծոյ» հաստատած է Հայր Խօսէ վերոնշեալ հարցազրոյցի ընթացքին ակնարկելով Յիսուսին Խաչին վրայ արտասանած վերջին մէկ խօսքին «Ծարաւի եմ»…աղաղակ մը որ Յիսուս յանձնած է իր Եկեղեցւոյ որմէ կը խնդրէ մասնակից ըլլալ Աստուծոյ ու մարդուն այն ծարաւին։

«Ծարաւ մը որ նախ եւ առաջ պէտք է յայտնաբերուի, որպէսզի բացայայտենք թէ ո՞վ կարող է յագեցնել այդ ծարաւը» ըսած է Հայր Մենտոսա մատնանշելով Քահանայապետի խօսքերուն, որով կը խնդէ յիշել մարդկութեան հոգեւոր, բարոյական ու նիւթական ծարաւը։ 

Փորթուկալցի  քարոզիչը ապա կը հաստատէ թէ քրիստոնեաները ըլլալու են իրենց ապրած ընկերութիւններուն մէջ «մարգարէական մղիչ ուժը» ու այդ մէկը բացայայտուելու է «մեր բարոյական ապրումի որակի ընդմէջէն, յատկապէս աղքատութեան դէմ մղած մեր պայքարէն ու աղքատներու վերապահած մեր ուշադրութենէն»։








All the contents on this site are copyrighted ©.