2018-02-16 14:33:00

Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին


Յիշած էինք, թէ վանականներ եւ կրօնաւորներ, իրենց օրուան կարեւոր մէկ մասը կը յատկացնեն աղօթքի։ Թէ ի՛նչ զօրութիւն ունի աղօթքը, եւ կամ ինչ են աղօթքի արդիւնքները, մեզի կը բացատրէ Բարսեղ Շնորհալի, Մարկոսի Աւետարանին մեկնութեան մէջ։ Ան կը գրէ՝ «Մտքի փորձութիւնը կը բուժուի աղօթքի միջոցաւ. այսպէսով, պահքի եւ աղօթքի միջոցաւ՝ Աստուծմէ կʼընդունինք մեր մեղքերու թողութիւնը, որովհետեւ աղօթքը, մանաւանդ գիշերային աղօթքը մեծ զօրութիւն ունի։ Ինչպէս Պօղոս եւ Շիղայ գիշերը աղօթելով արձակեցին կապանքները եւ բացին բանտը։

Մենք ալ նոյնը ընենք, եւ բանանք մեզի համար ոչ բանտը, այլ երկինքը։ Եղիա մարգարէ փակեց եւ բացաւ երկինքը՝ աղօթքով. երկինքի մէջ կան աւելի խիստ կապանքներ, ինչպէս կʼըսէ Յիսուս՝ այն ինչ որ կապէք երկրի վրայ, կապուած պիտի ըլլայ երկնքի մէջ։ Թէ ի՛նչպէս աղօթքը մեղքերը կը սրբէ, կը սորվեցնէ մեզի այրի կինը, որ անիրաւ դատաւորին կʼաղաչէր. եւ այն բարեկամը՝ որ գիշերուան մէջ կը պնդէր եւ բախէր դուռը. նաեւ Կուռնելիոս կը սորվեցնէ, որ քու աղօթքդ եւ ողորմութիւնդ կը հասնին Աստուծոյ. այլ նաեւ Պօղոս, երբ կʼըսէ, թէ ճշմարիտ այրին կը սպասէ Աստուծոյ եւ կը յուսայ Անոր՝ փութալով աղօթքի ցերեկ ու գիշեր։ Եւ եթէ այրի կինը պարտական է այս ընելու, առաւել եւս այրեր եւ ամուսնացած կիներ։ Արդ՝ խոնարհէ՛ ծունկիդ վրայ, հեծծէ՛, արտասուէ՛. յիշէ՛ թագաւորը, որ կʼըսէր՝ ʼես հեծութեամբ վաստակեցայ, ամբողջ գիշեր մահիճս լուացի, եւ արցունքներովս անկողինս թրջեցի. եւ թէ՝ գիշերը կʼարթննայի՝ քեզի խոստովանելուʼ։»

«Աւետարանիչները շատ անգամ կը գրեն, թէ Յիսուս ամբողջ գիշեր աղօթքով կʼանցընէր. որմէ յայտնի է, թէ ո՛չ Իրեն համար կʼընէր այս, այլ մեզի սորվեցնելու համար։ Ինչպէս երբ ուսուցիչը այբուբենը մանուկին կʼըսէ, եւ կը կը հարցնէ, թէ՝ ո՞րն է այս գիրը, գիտե՞ս. նա կարիքը չունի ատոր, ալ կʼուզէ մանուկին սորվեցնել։ Նոյնպէս եւ Քրիստոս, պէտք չունէր աղօթքի, այլ կʼուզէր քու միտքդ յորդորել՝ միշտ, որ պատրաստ ըլլաս աղօթելու։ Այն ինչ որ Ան խօսքով կʼըսէր՝ գործով ցոյց կու տար։

Ոչ թէ միայն գիշերը, այլ եւ ցերեկ ժամանակ պէտք է աղօթել. որովհետեւ կարելի է ցերեկ ժամանակ ալ աղօթել՝ երբ կը գործենք. բազմութեան մէջ գտնուիլ՝ եւ սակայն մտքով Աստուծոյ հետ խօսիլ։ Որովհետեւ շատ է աղօթքի շահը, եւ բազմաթիւ է օգուտը, որ անոր միջոցաւ մեզի կը պարգեւուի, եւ կը կատարուի՝ ինչպէս որ յարմար է։

Եւ ահա կարելի է յայտնապէս ըսել՝ որ թէպէտ Աստուած առատ է ողորմութեամբ, սակայն առանց աղօթքի ոչ մէկուն բան մը կը տրուի։ Որովեհետեւ, եւ անոր, որ բիւր քանքար պարտք էր, տիրոջ առջեւ ինալով եւ աղաչելով՝ ողորմեցաւ։ Եւ քանանացիին բազմաթիւ աղաչանքներէն ետք, հուսկ անոր դստեր փրկութիւն շնորհեց։ Ասկէ կը սորվինք, որ թէեւ ողորմութիւն պիտի գտնենք, սակայն պէտք է մեր անձերը ողորմութեան արժանի ըլլալու պատրաստենք. որովհետեւ, կʼըսէ՝ պիտի ողորմիմ անոր, որուն կʼողորմիմ, եւ պիտի գթամ անոր, որուն կը գթամʼ։»

Բարսեղ Շնորհալի ապա կը բացատրէ, թէ ինչու՞ համար հասարակաց աղօթքը, կամ միասնաբար աղօթելը կարեւոր են մեզի համար։ Յիշենք, թէ վանական կեանքին մէջ որքա՛ն կարեւորութիւն տրուած է հասարակաց աղօթքին։ Բարսեղ Շնորհալի կը գրէ՝ թէ մեր աղօթքի պատասխանը կʼընդունինք «առաւել կերպով, երբ սիրով կը հաւաքուինք իրարու քով. որովհետեւ անոնք, որոնք միացած են խնդրելու, Աստուած գիտէ զանոնք նկատել. ըստ այն խօսքին՝ թէ ես պիտի չխնայե՞մ Նինուէին, ուր կը բնակին աւելի քան տասներկու բիւր մարդիկ։ Եւ որպէսզի չթուի, թէ Աստուած բազմութեան պատճառով միայն նկատեց, Եսայի կʼըսէ՝ եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը նոյնիսկ ծովու աւազին չափ ըլլայ՝ անոնցմէ միայն քիչ մնացորդ պիտի մնայ։ Եւ ինչու՞ Նինուէացիները նկատելով կը փրկէր. ոչ միայն բազմութեան համար, այլ որովհետեւ իւրաքանչիւրը իր չար ճանապարհէն դարձաւ, կʼըսէ. եւ զանոնք փրկելով կʼըսէր, չէին ճանչնար ո՛չ աջ եւ ո՛չ ձախ։

Ասկէ յայտնի է թէ անգիտութեամբ կը գործէին չարը, եւ կը հաստատէ անոնց դարձը. որովեհետեւ անմիջապէս դարձան՝ այն քիչ քարոզութեամբ որ լսեցին։

Եւ արդ զօրաւոր է բազմութիւնը, երբ բարի են անոնք. սա յայտնի է նաեւ առաքեալներու գործերուն մէջ, թէ առաքեալին համար Աստուծոյ կʼաղօթէին։ Եւ այնչափ էր զօրութիւնը, որ Պետրոս, հակառակ շղթաներով կապուած ըլլալով եւ պահապաններու հսկողութեան տակ ըլլալով՝ արձակուեցաւ։ Եւ գիտցէք այս, թէ որքան որ մեծ օգնական է առաքինութիւնը, նոյնպէս ալ հոն ուր չարութիւն կայ՝ ժողովուրդի հաւաքը ոչ մէկ օգուտ է։ Ինչպէս իսրայէլացիները, որ Նոյի օրերուն բազմաթիւ էին, ոչ մէկ օգուտ ըրաւ անոնց՝ բազմութիւն ըլլալը։ Նաեւ արդարներն ալ չեն կրնար օգնել մեզի, եւ կամ մեզ աստուածային բարկութենէն փրկել, եթէ չդառնանք չարէն, եւ չսկսինք բարիք գործել։ Որովհետեւ արդարներու աղօթքները զօրաւոր են մեզ օգնելու, երբ մենք ալ կը ջանանք։»

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.