2018-02-16 08:49:00

«Հայաստանի մէջ երկխօսութեան կարիք կայ» կ՛ըսէ Արմէն Սարգսեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հինգշաբթի, 15 Փետրուարին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջարկուած Արմէն Սարգսեան յայտնեց. «Մեր երկրում երկխօսութեան կարիք կայ. բոլոր կառոյցները, կուսակցութիւնները Ազգային ժողովում, թէ դրանից դուրս պէտք է սկսեն երկխօսութիւն, հակառակ դէպքում հասարակութիւնը կը մնայ մասնատուած»:

Ըստ թեկնածուին, Հայաստան շրջափակման մէջ գտնուող երկիր է՝ ունի հսկայական հարցերով, եւ տնտեսութիւնը զարգացնելու ու ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու հարց, որուն համար անհրաժեշտ է ազգային երկխօսութիւն:

«Եւ ինչ որ տեղից պէտք է սկսուի այդ երկխօսութիւնը, եթէ դա չլինի, հասարակութեան, ձեր, իմ կողմից թուարկուած խնդիրներից որեւէ մէկը չենք կարողանալու լուծել: Եթէ մենք մեր քաղաքացիներին, անհատներին, քաղաքական ղեկավարներին, ապագայ նախագահին, վարչապետին, նախարարին կամ գիւղապետին բաժանենք «իմ» ու քո»ի, տեղ չենք հասնի: Ես կարծում եմ, որ ազգային երկխօսութիւնը շատ էական է: Ժամանակն է, որ խօսենք, որովհետեւ մարտահրաւէրներն այնքան շատ են, որ մենք չենք էլ պատկերացնում», ընդգծեց Սարգսեան:

Հասարակութիւնը այսօր բեւեռացած է. կան հարուստ մարդիկ եւ հսկայական թիւով աղքատ մարդիկ, յայտնեց Արմէն Սարգսեան՝ աւելցնելով. «Մենք պէտք է դառնանք երկիր, որտեղ մարդիկ պէտք է պայքարեն աղքատութիւնը վերացնելու համար: Իւրաքանչիւրը պէտք է կարողանայ իր արժանապատիւ, լաւ աշխատանքով իր ընտանիքը պահել, որ դառնայ աւելի հարուստ, ոչ թէ աղքատանայ: Մենք չենք կարող սա յաղթահարել, քանի դեռ ազգային երկխօսութիւնը չկայ»








All the contents on this site are copyrighted ©.