2018-02-15 08:46:00

Գերմանիոյ մԷջ Հայերէն հնչած է խաղաղութեան աղօթք


Օրերս Գերմանիոյ Դաշնութեան Լէր քաղաքին մէջ համաշխարհային կրօններու ներկայացուցիչներու եւ կրօնական տարբեր կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ տեղի  ունեցած է Խաղաղութեան աղօթքի արարողութիւն, որ կը կազմակերպուի արդէն երկրորդ տարին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ձեռնարկի կազմակերպման յանձնախումբէն, արարողութեան մասնակցած են Հայ Առաքելական, Կաթոլիկ, Բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ իսլամութիւնը, պուտտայականութիւնը, յուդայականութիւնը ներկայացնող հաւատացեալներ: Խաղաղութեան աղօթք  հնչած է նաեւ Յիսուս Քրիստոսի վերջին օրերու սուրբերու եկեղեցւոյ անդամներուն կողմէ: Յատկանշական է, որ արարողութիւնը մեկնարկած է գերմանաբնակ պատանի Վալերի Թովմասեանի կողմէ հնչեցուած հայերէն աղօթքով, որուն հեղինակը Առաջնորդական Փոխանորդ հոգեշնորհ Տ. Սերովբէ վարդապետ Իսախանեանն է: Խաղաղութեան աղօթքէն յետոյ Հիւսիսային Գերմանիոյ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ արժանաշնորհ Տ. Հրաչ քահանայ Պիլիճիյեանն օրհնած է ձեռնարկը, գերմաներէն հնչեցուցած  խաղաղութեան աղօթքը, ապա երգած Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն:

Ձեռնարկի կազմակերպման յանձնախումբի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ալպերթ Թովմասեան մեզի հետ զրոյցին կարեւոր համարեց նման ձեռնարկներուն հայերու մասնակցութիւնը: Անոր խօսքով` հնչեցուած հայերէն աղօթքը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ մենք խաղաղասէր ազգ ենք, քանի որ մեզի համար ոչ միայն կարեւոր է մեր սեփական սահմաններու անվտանգութիւնը, այլ նաեւ խաղաղութիւնը ողջ աշխարհի մէջ` Սուրիայէն մինչեւ Աֆղանստան եւ Լատինական Ամերիկա: Արարողութեան աւարտին Լէր քաղաքի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներն իրենց խօսքին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին հայերուն արարողութեան մասնակցելու համար` յիշեցնելով, որ հայերն առաջինն են ամբողջ աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւն ընդունած որպէս պետական կրօն: Անոնց կողմէ յատուկ գովասանքի արժանացաւ հայերէն աղօթքը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.