2018-02-15 07:49:00

19-24 մարտին Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ եպիսկոպոսաց նախասիւնհոդոսական ժողովը։


 (Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 19 -24 մարտ 2018-ին Վատիկանի մէջ պիտի գումարուի՝ 2018-ի հոկտեմբերին կայանալիք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի՝  նախասիւնհոդոսական ժողովը որուն ներկայացումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ 16 փետրուար 2018-ի առաւօտեան 11-ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի սրահին մէջ կայանելիք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին որուն առթիւ ելոյթ կ՛ունենան Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսսերի, Սիւնհոդոսի ենթաքարտուղար գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէ եւ երկու երիտասարդներ՝ մէկը Պուրունտիէն՝ Սթելլա Մարիլէն Նիշիմուէ եւ միւսը իտալացի՝ Ֆիլիփփօ Փասսանթինօ։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ նախասիւնհոդոսական ժողովի գումարման յայտարարութիւնը կատարած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 4 հոկտեմբեր 2017-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային մէկ  ունկնդրութեան աւարտին, որուն մէջ նշած էր թէ «ժողովին հրաւիրուած են մասնակցիլ աշխարհի զանազան վայրերէն երիտասարդներ՝ ըլլան կաթողիկէ, ըլլան այլ դաւանանքի կամ այլ կրօններու պատկան եւ ոչ հաւատացեալ երիտասարդներ։     

Նախապատրաստական ժողովին  հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերել եպիսկոպսաց համահաւաք դասերու եւ արեւելեան եկեղեցիներու  ներկայացուցիչներ,  կրօնաւորներ,  քահանայութեան պատրաստուող անձեր, եկեղեցական շարժումներ  ու ընկերակցութիւններ, այլ եկեղեցիներու եւ կրօններու ընկերակցութիւններ, մշակութային , դպրոցական, համալսարանական, եւ մարզական  աշխարհէն ներկայացուցիչներ։ 

2018-ի հոկտեմբեր ամսոյն նշուելիք եպիսկոպոսներու ընդհանուր սիւնհոդոսի   նիւթն է «Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը»։

Նախասիւնհոդոսական ժողովը մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ դէպի սիւնհոդոս ուղեւորութեան, որով  եկեղեցին կը ցանկայ  ականջալուր անսալ  երիտասարդներու ձայնին, անոնց զգայնութեան, անոնց հաւատքին, ինչպէս նաեւ կասկածներուն եւ քննադատութիւններուն։ Ասոր համար, Մարտ ամսուայ ընթացքին կայանալիք ժողովի եզրակացութիւնները պիտի փոխանցուին սիւնհոդասական հայրերուն որպէս նպաստ  խոկումներուն եւ  անոնց քննարկելիք  հարցերուն  խորացումին։   

 Նախապատրաստական ժողովի թուականի որոշումը դիտմամբ առնուած է,   ժողովականներուն առիթ ընծայելու  որպէսզի իրենց  մասնակցութիւնը բերեն  25 մարտին Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահելիք Ծաղկազարդարի Սուրբ Պատարագի արարողութեան, 2018 տարուան երիտասարդութեան համաշխարհային 23-րդ օրուան առիթով, որ ունի որպէս բնաբան «Մի վախնար, Մարիամ, որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար» (Ղուկ 1, 30)։   








All the contents on this site are copyrighted ©.