2018-02-14 07:48:00

Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած տօնական հանրահաւաք Ստեփանակերտի մէջ ։


Փետրուար 13-ին, Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած` Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է տօնական երթ եւ հանրահաւաք:

Ըստ Artsakhpress.am-ի` երթի մասնակիցները պաստառներով, դրօշներով, կոչերով, «միացում» վանկարկելով մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներէն շարժած են դէպի Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակ, ուր կայացած է Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկ:

Հանրահաւաքին օրհնութեան խօսք յղած է Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած են Ղարաբաղեան շարժման մասին պատմող փաստավաւերագրական ֆիլմեր:

Հանրահաւաքին՝ Արցախեան շարժման 30-րդ տարեդարձին առիթով՝ շնորհաւորական ելոյթով հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան` ըսելով, որ 1988 թուականը բեկումնային եղած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

«Երեք տասնամեակ առաջ, այս օրերուն, համայն հայութիւնը համախմբուեցաւ, դարձաւ մէկ բռունցք` ողջ աշխարհին ազդարարելով սեփական բնօրրանին մէջ ազատ ու անվտանգ ապրելու համար մաքառելու իր պատրաստակամութեան մասին: Համաժողովրդական այս պոռթկումը մարտահրաւէր էր բռնատիրութեան, հալածանքներու, մարդու իրաւունքներու խախտումներու, բոլոր այն արհաւիրքներուն, որոնց մէջէն անցած է մեր ժողովուրդը իր բազմադարեայ պատմութեան ընթացքին: Եւ այս շարժման պսակը դարձաւ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը: Այս գոյապայքարին մէջ, դժբախտաբար, մենք ունեցանք նաեւ անդառնալի կորուստներ: Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած են մեր ժողովուրդի լաւագոյն զաւակները: Անոնք զոհ չեն, անոնք մարտիրոսուած հերոսներ են, որոնք անմահացան եւ կը շարունակեն իրականացնել հայրենիքի պաշտպանի իրենց սուրբ առաքելութիւնը` ոգեշնչելով եւ պարտաւորեցնելով` անմնացորդ ծառայելու հայրենիքին, աշխատելու ի փառս անոր զարգացման ու զօրացման: Այս բոլոր տարիներուն ընթացքին մենք մշտապէս զգացած ենք Մայր Հայաստանի յատուկ հոգատարութիւնը Արցախի նկատմամբ: Անհնարին է պատկերացնել մեր ձեռքբերումներն ու յաղթանակները առանց ՀՀ գործուն եւ անմիջական մասնակցութեան: Այսօր ալ միասին կը լուծենք մեծ ու պատասխանատու խնդիրներ: Բոլորս հաստատակամ ենք եւ պիտի ընենք հնարաւորը, որպէսզի վաղուան օրը ըլլայ յուսալի, մեր հայրենիքը` աւելի հզօր ու բարեկեցիկ: Հակառակորդը միշտ պէտք է գիտնայ, որ մեզի հետ ուժի լեզուով խօսիլը դատապարտուած է ձախողման: Մեր ժողովուրդը, մեր բանակը եւ ողջ հայութիւնը որեւէ պահու արժանի հակահարուած պիտի տայ մեր ազատութեան ու անվտանգութեան սպառնացող իւրաքանչիւր ոտնձգութեան»,- նշած է Նախագահը:

Ղարաբաղեան շարժման առաջամարտիկներէն Համլէէ Գրիգորեան, իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակը համահայկական փառապանծ տօն է: «Վերյիշենք անոնց, որոնք 20-րդ դարուն հայկական հիմնահարցը անթեղուած չեն ձգած եւ քայլ առ քայլ մօտեցուցած են մեր հինաւուրց երկրամասի անկախութեան: Փաստ է, որ մեր հանրապետութիւնը դեռ ճանչցուած չէ, բայց փաստ է նաեւ, որ միջազգային ո՛չ մէկ ատեանի մէջ՝ առայսօր՝ չեն կասկածած մեր հանրապետութեան օրինականութեան: Մենք` Արցախեան ազատամարտի տարէց վկաներս, կը հպարտանանք 1980-90-ական թուականներու սերունդով եւ կը յորդորենք երիտասարդները, որ մեր յաջողութիւններուն կրկնապատկողը ըլլան, քանզի երկար ճանապարհ ունինք անցնելու՝ Արցախը Մայր Հայաստանին վերամիաւորելու սուրբ գործին մէջ եւ իրականացնելու 30 տարի առաջ հայ ժողովուրդի սրտէն ծնած` «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք ու մէկ պետութիւն» կարգախօսը»,- ըսած է Հ. Գրիգորեան:

Ղարաբաղեան շարժման աքթիւիստ, Արցախի հերոս Ժաննա Գալստեան, վերյիշելով 1988 թուականի հանրահաւաքը, ըսած է. «Այն ժամանակ մենք ճնշուած էինք: 1988-ին մեզանմէ իւրաքանչիւրը հրապարակ ելած է պարզ նպատակով մը` շրջելու հայոց պատմութեան վերջին 100-ամեակի շեղած անիւը: Դուրս եկած է գիտակցելով, որ ինքը հզօր կայսրութեան պատժիչ մեքենայի անիւներուն տակ կրնար մնալ: Իսկ այսօր, բարեբախտաբար, մեզի կը պաշտպանէ հայոց հզօր բանակը: Այսօր մենք հաւաքուած ենք այստեղ ո՛չ միայն յարգանքի տուրք մատուցելու Ղարաբաղեան շարժման առաջամարտիկներուն, այլեւ ազդարարելու պայքարի նոր փուլ, որ կը կոչուի զարգացման փուլ: 30 տարի անց՝ մենք պէտք է 1988-ի դասերը քաղենք, իսկ մեր ամենամեծ դասը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն է, իսկ երկրորդ դասը` հետեւողական ըլլալը եւ երրորդը` յոյսերս մի՛այն մեր վրայ դնելը. այդժամ յաղթանակները անխուսափելի պիտի ըլլան: Մենք կը տեսնենք, որ մեր թշնամին ոչինչով կը փոխէ իր գործելակերպը, ձեռագիրը եւ նոյնը մնացած է առայսօր: Կեցցէ՛ հայ ժողուուրդը, հայոց բանակը եւ այն ժողովուրդը, որ պիտի ապրի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մէջ»:

Ձեռնարկին ընթացքին, տեսակապի միջոցով՝ ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին առիթով՝ իրենց շնորհաւորական ուղերձները յղած են նաեւ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի, Եւրոխորհրդարանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներն ու մշակութային յայտնի գործիչներ:

Աւարտին հնչած են ազգային երգեր, պարեղանակներ` Վերածնունդի հրապարակը վերածելով ազգային մեծ տօնախմբութեան հարթակի:

Հանրահաւաքին ներկայ եղած են ԱՀ երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, ԱՀ պետնախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, ԱԺ պատգամաւորներ, Արցախեան շարժման առաջամարտիկներ եւ անոնց գործը այսօր շարունակող երիտասարդներ եւ հիւրեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.