2018-02-14 07:50:00

«Յիշէ ով մարդ զի հող էիր եւ հող դարձիս» փետրուար 14-ին կը նշուի ըստ լատինաց մոխրոց օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2018-ին, տօնն է Եւրոպայի պաշտպան սուրբեր՝ Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ Մեթոտիոսի։ Նոյն օրը լատին եկեղեցին կը նշէ քառասնորդացի սկիզբը՝ օր մոխրոցը որով  սկիզբ կ՛առնէ պահքի շրջանը։
Աւանդութեան համաձայն, Սրբազան Քահանայապետը, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, Հռոմի ''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող, Ե. դարուն կառուցուած` ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ,  կը նախագահէ Մոխրոց օրուայ արարողութիւնը որ սկիզբ կ՛առնէ ''ապաշխարութեան'' թափօրով` Սանթ Անսելմօ եկեղեցիէն ուղղուելով դէպի Սանթա Սապինայի պազիլիքա, մասնակցութեամբ կղերական դասին, կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ երկու եկեղեցիներու կրօնաւորական Միաբանութիւններու՝ Պենետիկտեան եւ Տոմինիքեան հայրերուն, ու աշխարհական հաւատացեալներուն։
Ապա ժամը 5-ին «Սանթա Սապինա Պազիլիքայի մէջ» տեղի կ՛ունենայ  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը զոր կը գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ մոխրոց օրհնութիւնն ու հաւատացեալներուն գլուխներուն վրայ զետեղումը, որով կը յիշուի՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողակի բնոյթը, ու թէ մարդը ''հող էր ու հող պիտի դառնայ''։
Լատին Եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։

Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութեան ներգործութիւններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.