2018-02-13 09:55:00

Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ՝ Կարդինալ Զենարիին կոչը «Սուրիան մի մոռնաք»։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ 12 փետրուարին ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակը՝ Կարդինալ Մարիօ Զենարի կոչ ուղղած է չմոռնալու Սուրիան ու անոր բնակչութիւնը։

«Սուրիան մի մոռնաք։ Մի մոռնաք Սուրիան» կրկնած է կարդինալ Զենարի մտավախութիւն յայտնելով որ լռութեան ստուերը ծածկէ սուրիոյ ապրած ողբերգութիւնը ու բացայայտելով թէ Սուրիոյ մէջ պայքարը կը շարունակուի ու որոշ շրջաններու մէջ բնակչութիւնը կ՛ապրի ճակատագրական պահեր ուր մարդասիրական օգնութիւններ կը հասնին «կաթիլ կաթիլ» եւ առողջական ու սննդային կարգավիճակը մտահոգիչ է։

Հեռաձայնային կապով տեղի ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին Ծիրանաւորը յայտնեց է  թէ նոյնիսկ Դամասկոսի մէջ մարդիկ հազուադէպ դուրս կու գան իրենց տուներէն, որովհետեւ ամէն օր ռումբերու սպառնալիք կայ, յատկապէս կէսօրէն ետք առաջին ժամերուն, երբ վտանգը աւելիով կը սաստկանայ։ Ժամը՝ երբ մանուկները դրուս կու գան դպրոցներէն եւ ասոր համար է որ բազմաթիւ ծնողներ հրաժարած են իրենց մանուկները դպրոց ղրկելէ մինչ այլ քրիստոնեայ դպրոցներ արդէն փակած են իրենց դռները։ «Վախ կը տիրէ ամենուրէք»  դիտել տուած է Կարդինալ Զենարի ապա ակնարկած է քրիստոնեաներու իրավիճակին զայն որակելով «յատկապէս  դժուար», թէեւ՝ դիտել տուած է Ան, Սուրիոյ մէջ բոլորն ալ կ՛ապրին նոյն ճակատագիրը,  մինչ քրիստոնեաները յատուկ սպառնալիքի տակ են, տրուած ըլլալով որ անոնք փոքրամասնութիւն կը կազմեն։ Ոմանք դիմած են զէնքի,  քրիստոնեաները սակայն կը մնան խաղարարներ» ըսած է Կարդինալ Զենարի ու հաստատած է թէ «այդ մարդկայնական ողբերգութեան ամենամեծ զոհերը մանուկներն են, որոնք յաճախ սնունդի կը կարօտին» ապա նշած թէ երկրին 111 հիւանդանոցներուն ինչպէս նաեւ 1800ի չափ առողջապահական կեդրոններուն կէսը արդէն չի գործեր, մինչ երկրին բժշկական անձնակազմի երկու երրորդը երկրէն հեռացած է, ու այս մէկը կարող է պատկերացնել ապրուած աղետալի ողբերգութիւնը»։

Կարդինալ Զենարի ակնարկած է նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառումին  եւ անոր մատուցած ծառայութիւններուն եւ օգնութիւններուն որոնք կ՛երաշխաւորուին անխտիր բոլորին, անկախ անոնց կրօնական կամ ցեղային պատկանելիութենէ, հաշուի առնելով որ բնակչութեան 69 առ հարիւրը կ՛ապրի յետին աղքատութեան մէջ։

«Ի տես այս բոլոր իրողութիւններուն զօրեղ կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր լրատուամիջոցներուն որպէսզի չլռեն ու շարունակեն խօսիլ Սուրիոյ տագնապի մասին, որովհետեւ հարցը միայն ՏԱՀԵՇ-ի վտարումը չէ, կան այլ խմբաւորումներ որոնք իրար մէջ համաձայն չեն ու կը շարունակեն իրար դէմ պայքարիլ» ըսած է ապա Կարդինալ Զենարի աւելցնելով թէ այս ուղղութեամբ «հարկաւոր է չմոռնալ Սուրիան. եւ թէ պէտք է թիկունք կանգնիլ ՄԱԿ-ի դիւանագիտական ջանքերուն, կողմերու միջեւ համաձայնութեան մը յանգելու համար»։

«Աշխարհը պէտք չէ մոռնայ Սուրիոյ տառապանքը, եւ ասոր համար կը յիշեցնեմ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 23 փետրուարին՝ խաղաղութեան համար հռչակած աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրը,  խնդրելով որ միանաք այդ օրուան, աղօթելով Սուրիոյ եւ Սուրիացիներուն համար» կոչ ուղղած Սուրիոյ մէջ առաքելական նուիրակը հարցազրոյցի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.