2018-02-13 08:58:00

15 Փետրուարին Քահանայապետը կը Հանդիպի Հռոմի Թեմի կղերական դասին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմի Թեմի առաջնորդութեան հրապարակած  հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ Հինգշաբթի 15 Փետրուար 2018-ին կը նորոգուի Քահանայապետի ու Հռոմի թեմի կղերական դասին միջեւ աւանդական հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան 9.30-ին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ։

Այս մասին տեղեկացուցած է Հռոմի Թեմի Քահանայապետի ընդհանուր փոխանորդ Անճելօ Տէ Տոնաթիս Արքեպիսկոպոսը բոլոր քահանաներուն եւ սարկաւագներուն ուղղած իր մէկ նամակով որուն մէջ գրած է «վերջին տարիներու աւանդութեան համաձայն, այդ առթիւ պիտի ապրինք խոստովանանքի խորհուրդի ծիսական հասարակական պահը, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մեզի պիտի ուղղէ իր պատգամը»։

 Տէ Տոնաթիս Արքեպիսկոպոսը հրաւիրած է ապա բոլոր հասարակութիւնները առիթներ գտնելու քննարկելու ու բանակցելու  համար «հոգեւոր հիւանդութիւններու» մասին որոնց շարքին ՝ բացառումի տնտեսութիւնը, եսասիրութիւնը, անձնասիրութիւնը, իրարու միջեւ պայքարը, յոռետեսութիւնը ու աշխարհիկութիւնը։

Այս առընչութեամբ Եպիսկոպոսական խորհուրդը հրապարակած է թղթածրար մը որուն բնաբանն է «Առողջները չեն որ կարիքը ունին բժիշկին, այլ հիւանդները» եւ որ վերոնշեալ նամակին հետ միասին ուղարկուած է Հռոմի կղերական դասին որպէս միջոց օգնելու համար տեղական հասարակութիւնները «խղճի քննութիւն մը կատարելու, շտկելու համար սխալները ու «բացերը երթալու» նորոգուած խանդավառութեամբ, կարող ըլլալով այսօրուայ մարդկութեան Աւետելու Զատկուայ Աւետարանը»։








All the contents on this site are copyrighted ©.