2018-02-12 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պանկլատէշի Վարչապետը։ Հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 12 փետրուար 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Պանկլատէշի ժողովրդավարական հանրապետութեան Վարչապետ՝ Տիկ Շէյխ Հազինային։ Վարչապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը՝ գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին շեշտուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները ու գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին Պանկլատէշ  կատարած առաքելական այցելութեան համար ու այդ ձեռնարկին բնակչութեան ջերմ մասնակցութեան համար, որոնց շարքին նաեւ բազմաթիւ ոչ կաթողիկէներ։

Անդրադարձ կատարուեցաւ ապա Եկեղեցւոյ՝ երկիրն բերած նպաստին սատարին, յատկապէս դաստիարակչական ասպարէզէն ներս, ինչպէս նաեւ Պետութեան յանձնառումին՝ երկրի կրօնական զանազան հասարակութիւններու միջեւ խաղաղ համակեցութեան զարգացումին ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու ու գաղթականներու պաշտպանութեան, յատուկ գնահատանք արտայայտելով Ռոհինճաներու հիւրընկալութեան համար եւ մաղթելով որ անոնց ողբերգութեան համար գտնուի արդար եւ մնայուն լուծում մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.