2018-02-12 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յոյն Մելքիդ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 12 Փետրուար 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Յոյն Մելքիդ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ մատնանշեց հանդիպման առիթին որ է՝ «Եկեղեցական Հաղորդութեան» հանրային արարողութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին եւ որ վաւերացումն է անցեալ 22 յունիս 2017-ին, Յոյն Մելքիդ նորընտիր Պատրիարքին Քահանայապետին շնորհած Եկեղեցական Հաղորդութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա ապահովեցուց  իր անձնական աղօթքները Պատրիարքին ու սիրելի Սուրիոյ ու համայն Միջին Արեւելքին, ուր Յոյն Մելքիդ Եկեղեցին ներկայ է եւ իր առաքելութիւնը կը մատուցէ Աստուծոյ ժողովրդին։ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ այն բազմաթիւ հաւատացեալները որոնք հեռացած են տարածաշրջանէն աւելի լաւ կեանքի մը փնտռտուքով ու կազմած են սփիւռք մը, անոնց եւս ապահովեցնելով իր աղօթքները։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց հուսկ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն ապրած դժուարութիւններուն յոյս յայտնելով որ Յոյն Մելքիդ եկեղեցւոյ կղերական դասն ու եպիսկոպոսները իրենց կեանքի վկայութեամբ կարողանան քաջալերել հաւատացեալները գոյատեւելու այն հողամասին վրայ ուր Աստուածային Նախախնամութիւնը թոյլ տուաւ որ ծնին ապա եպիսկոպոսներուն յորդորեց յարատեւելու հաղորդութեան, միութեան, մօտիկութիւն, զօրակցութեան եւ թափանցիկութեան ու վկայութեան ուղիով։ Ան ապա վերյիշեց 23 Փետրուարին խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի ու ծոմապահութեան օրը՝ դիտել տալով թէ ինք այդ առիթով յատուկ կերպով պիտի աղօթէ նաեւ Սուրիոյ համար որ վերջին այս տարիներուն անասելի տառապանքի մատնուած է։

Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Յոյն Մելքիդ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին, խօսելով հովիւներուն պարտականութեան մասին, որոնք՝ ըսաւ Ան, պէտք են հրահրել հաւատացեալներու սրտերը, մօտիկ ըլլալ անոնց ու առաջնորդել դէպի Քրիստոսը։ Մենք կարիքը ունինք հովիւներու որոնք կեանքը կ՛ողջագուրեն Աստուծոյ սրտի տարածութեամբ, առանց բաւարարուելու երկրային գոհունակութիւններով այլ ձգտելով միշտ աւելի բարձրին։ Աղքատ հովիւներ որոնք չեն կապուած դրամին եւ շռայլութեան, Զատկուայ յոյսին հետեւողական աւետողներ, որոնք իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ յարատեւ ուղեւորութեան մէջ են - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ճառը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով որ երբ վերադարձ կատարեն իրենց առաքելավայրերը իրենց քահանաներուն ու հաւատացեալներուն հաւաստիացնեն թէ Քահանայապետի սրտին ու աղօթքին մէջ են ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր՝ խաղաղութեան Թագուհիին բարեխօսութիւնը որպէսզի պահպանէ ու պաշտպանէ զանոնք ու ներկաներուն եւ անոնց հասարակութիւններուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.