2018-02-09 13:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Սանթա Մարթա խմբակի անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 9 փետրուար 2018-ին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սանթա Մարթա Խմբակ»ի աւելի քան 100 անդամներ , որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովը,  որուն նիւթն էր   մարդավաճառութեան  ու  ստրկութեան նոր ձեւերու քննարկումը, եւ  այս առնչութեամբ  համաշխարհային հեռանկարներու առաջարկներու ներկայացումը: 

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը  գնահատեց   Սանթա Մարթա խմբակի անդամներուն ՝  մարդավաճառութեան պատճառներու որոնումին սատարած նպաստին համար,   ընդգծելով , որ  ստրկութեան նոր ձեւերը  տարածուած  են ամենուրեք նոյնիսկ   մեր հասարակութիւններու ամենէն բարեկեցիկ շրջանակներէն ներս:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ՝ Կայէնի  ուղղած աղաղակը  «ու՞ր է եղբայրդ»  խթան   կը հանդիսանայ քննարկելու  մեղսակցութեան  այն բոլոր ձեւերը,  որոնց միջոցաւ ընկերութիւնը  թոյլ կու տայ ու կը քաջալերէ՝ այր մարդոց եւ կիներու չարաշահումը, յատկապէս մարդավաճառութեան ծիրէն ներս:   

Ան յորդորեց որ մարդավաճառութեան դէմ ուղղուած բոլոր նախաձեռնութիւնները՝ ոճրագործական  ցանցերու   բացայայտումի  շօշափելի   ծրագիրէն   ներս,   պէտք  է  միշտ նկատի առնեն   լայն շրջանակներ,  ինչպէս արհեստավարժութեան եւ հաղորդամիջոցներու պատասխանատու օգտագործումը  կամ  տնտեսական աճումի բարոյական հետեւանքներու ուսումնասիրութիւնը, ուր շահոյթը առաջնահերթ կը նկատուի քան մարդիկ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  մաղթեց որ ժողովի ընթացքին քննարկուած նիւթերը նպաստեն այդ  յանցագործութիւններու զոհերուն   օժանդակութեան աճող կարիքի իրազեկութեան,  զանոնք ներգրաւելով ընկերութեան մէջ եւ վերականգնելով  անոնց  մարդկային արժանապատուութիւնը:

Սրբազան Հայրը ընդգծեց նաեւ  որ  Եկեղեցին  միշտ երախտապարտ է  այն բոլոր ջանքերուն  համար որոնք ի  գործ կը դրուին՝   աստուածային ողորմածութեան  բալասանը փոխանցելու  բոլոր տառապողներուն,   այս մէկը նկատելով  էական  քայլ ՝ ընկերութեան վերականգման գործընթացէն ներս:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը, շնորհակալութիւն յատնելով  Սանթա Մարթա խմբակի  անդամներուն մարդավաճառութեան դէմ   պայքարելու   յանձնառութեան համար  շնորհելով անոնց Առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.