2018-02-09 10:17:00

Քաղդէացիներու Պատրիարք Սաքօ. Սրբազան Պապի Իրաք այցելութեան համար տակաւին պայմանները նպաստաւոր չեն


Հինգշաբթի, 8 փետրուարին, Քաղդէացի Կաթողիկէ Պատրիարք Մար Լուիս Ռաֆայլ Սաքօ, հարցազրոյցի մը ընթացքին յիշած է, թէ «Սրբազան Պապը քաջածանօթ է Իրաքի կացութեան։ Ան պատրաստ է Իրաք այցելելու, սակայն պայմանները ներկայիս նպաստաւոր չեն։»

Նոյնիսկ կարճ այցելութիւն մը կարելի չէ ներկայիս իրականացնել, նկատի առնելով երկրի ապահովութեան վիճակը եւ քաղաքական լարուածութիւնները։ Սակայն ամէն պարագայի, պէտք է հիւսիսային Իրաքի քրիստոնեաներուն յոյս տրուի։ Պատրիարք Սաքօ, իր եպիսկոպոսներուն հետ միասին, երկուշաբթի, փետրուար 5ին, այցելած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, եւ այդ առիթով ներկայացուցած էր հաւանական այցելութեան մը ծրագիրը, որ կը բովանդակէր համամիութենական աղօթք, հանդիպում քաղաքական եւ կրօնական հեղինակութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հանդիսական Սուրբ Պատարագ Քրտական մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ։ Պատրիարքը ըսած է նաեւ, թէ իսլամական պետութեան ահաբեկիչները յաղթահարուած են, եւ այս պատճառով տեղահան եղած մարդիկ կը վերադառնան իրենց բնակավայրերը։ Նինուէի շրջանէն եւ Մոսուլէն տեղահան եղած 20000 քրիստոնեայ ընտանիքներէն 7000 արդէն վերադարձած են իրենց բնակավայրերը։ Եկեղեցին կը քաջալերէ այդ քրիստոնեաները, որոնք այլապէս որեւէ աջակցութիւն չունին, որովհետեւ պետութեան առջեւ առանձնաշնորհեալ են սիւննի եւ շիիթ իսլամները։

Սրբազան Պատրիարքը երախտագիտութեամբ արտայայտուած է Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի կաթողիկէ թեմերուն հանդէպ, որոնց օգնութեամբ քաղդէացիներու Եկեղեցին «հրաշք» գործած է։ Իրաքի ժողովուրդը խորապէս տպաւորուած է այդ աջակցութենէն։ Սակայն Իրաքի Եկեղեցին ոչ միայն նիւթական օգնութեան կարիքն ունի, այլ նաեւ բարոյական եւ հոգեւոր աջակցութեան, ճանաչում Արեւելեան Եկեղեցիներու հերոսական կեցուածքին, որոնց անդամները Քրիստոսի հաւատքին համար իրենց կեանքը վտանգած են։ Կարեւոր է նաեւ զգայնացնել միջազգային հրապարակային կարծիքը Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու վիճակի նկատմամբ։ Պատրիարքը յոյս կը յայտնէ, թէ կարելի պիտի ըլլայ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կրօնքի ազատութեան մտապատկերը իրականացնել։ Սա կը կարօտի երկար ժամանակի, սակայն չէ կարելի զայն արգելակել. «ոչ ոք կրնայ ուրիշին կրօնք մը պարտադրել, ոչ ոք կրնայ մարդ մը ստիպել՝ իսլամ կամ քրիստոնեայ ըլլալու» ըսած է ան։

Փետրուար 5ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի մօտ կատարուած ունկնդրութեան մասնակցած էին 19 քաղդէացի կաթողիկէ եպիսկոպոսներ, թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքէն եւ թէ սփիւռքէն։ Ներկայ գտնուած է նաեւ Իրանի քաղդէացի կաթողիկէ եպիսկոպոս՝ Ռամզի Կարմու։ Ան անդրադառնալով Իրանի մէջ կատարուած ցոյցերուն, նկատած է, թէ պատճառը անգործութիւնն է, եւ թէ այդպիսի ցոյցեր ուրիշ երկիրներու մէջ ալ կը կատարուին։ Ան շեշտած է թէ Իրանի մէջ կայացած ցոյցերը մեծ մասամբ խաղաղ ընթացած են։ Ան յիշած է նաեւ, թէ Իրանի մէջ կրօնքի ազատութիւնը չէ երաշխաւորուած բոլորին։ Իսլամական մտածողութեան մէջ չկայ ազատութիւն՝ կրօնքը կամ դաւանանքը փոխելու։ Շատ մը իսլամներ պիտի ուզէին քրիստոնեայ ըլլալ եւ կամ արդէն իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը նկատեն։ Սակայն այդ անձերը լուրջ վտանգի տակ կը գտնուին։ Իրանի մէջ քրիստոնեաները ազատ են եկեղեցիներ կառուցել եւ արարողութիւններ կատարել։ Մինչ Աւետարանի քարոզութիւն կատարել ոչ քրիստոնեաներուն՝ արգիլուած է։ Սակայն, շեշտած է եպիսկոպոս Կարմու, որ Եկեղեցւոյ զօրութիւնը կախեալ չէ հաւատացեալներու թիւէն, այլ թէ ինչ կերպով հաւատքի վկայութիւն կը տրուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.