2018-02-09 10:04:00

Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց Պուրճ Համուտ-ի մէջ


Չորեքշաբթի 7 Փետրուար 2018, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նախագահութեամբ Արհիապատիւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան-ի՝ օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտ-ի Յովհաննէս Պօղոսեան դատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց», պատգամախօսութեամբ՝ Մեծարգոյ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան-ի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Լիբանանի մօտ, եւ մասնակցութեամբ Արծիւեան եւ Բլբուլ երգչախումբերու՝ ղեկաւարութեամբ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեան-ի, ինչպէս նաեւ Համազգային-ի «Տաւիղ» նուագախումբին՝ ղեկաւարութեամբ Պրն. Մկրտիչ Միքայէլեան-ի: 

Այս առթիւ ներկայ էին Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան-ը՝ Օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին, Մեծարգոյ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան-ը ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Լիբանանի մօտ, Մեծարգոյ նախարար՝ Պրն. Ժան Օղասաբեան, սրբազան եւ գերյարգելի հայրեր, Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հ. Պերճ Վրդ. Սապէհ, գերապատիւ հայրեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Մեծարգոյ Պրն. Սերժ Չուխատարեան, Անարատ Յղութեան հայ քոյրեր-ը, դաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, Զմմառու «Ս. Միքայէլ» եւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի զոյգ նորընծայարանի նորընծաներ-ը, եւ հայ ազգի ծիրէն ներս գործող նշանաւոր դէմքեր եւ անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:    

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որմէ անմիջապէս ետք Օրդ. Սթէֆանի Պալթայեան բացման խօսքը կատարելէ եւ բոլոր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, սկիզբ առաւ իմաստալից երեկոյին առաջին մասը ուր՝ Համազգային-ի «Տաւիղ» նուագախումբ-ը ներկայացուց երեք երգեր (Tanguissimo, libertango եւ Moliendo café), ինչպէս նաեւ հայկական ժողովրդային երգաշար մը: 

Տօնահանդէսի երկրորդ բաժնին մէջ, Բլբուլ մանկապատանեկան երգչախումբը իր կարգին ներկայացուց երկու աւանդական երգեր. Վարդանանց ասպետներ-ը  եւ Քաջ վարդանին տոհմէն ենք-ը:

Այս երկու աւանդական երգերը մեծ խանդավարութիւն ստեղծելէ ետք սրահին մէջ, Օրդ. Մարիա Եագուպեան՝ Քանոն-ի ընկերակցութեամբ եւ Պրն. Գէորգ Քէշիշեան ինչպէս նաեւ Օրդ. Նաթալի Աբոգեան՝ Տուտուկի ընկերակցութեամբ, բոլոր ներկաներուն հրամցուցին Մակար Եկմալեան-ի  «Ով հայոց աշխարհ»-ը, ինչպէս նաեւ Խաչիկ Դաշտենց-ի «Գողթնի քնարք»-ը:

Երբ պահը հասաւ օրուան պատգամը փոխանցելու, բեմ բարձրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Լիբանանի մօտ՝ Մեծարգոյ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան-ը.

Պրն. դեսպանը այս իւրայատուկ եւ հայկական շունչով լեցուն տօնին առթիւ իր խօսքը սկսաւ նախ վարդանանց ճակատամարտի հակիրճ պատմականը ներկայացնելով եւ թէ ինչպէս հայը միշտ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ ունեցած է պահելու իր ինքնութիւնն ու կրօնքը, բայց այս բոլորով հանդերձ, ան միշտ կարողացած է յաղթահարել զանոնք իր միասնականութեամբ: Հայը իր միասնականութեամբ ունեցաւ 1918-ի անկախութիւնը, Արցախի ազատագրումը, ինչպէս նաեւ իր այսօրուան ազատ ու անկախ վիճակը:

Պրն. Դեսպանը, իր խօսքը փակեց մաղթելով ներկաներուն միշտ պահել ու ապրիլ այս միասնականութիւնը, որպէսզի նման վարդանանց ճակատամարտին, այսօրուան պարսիկներուն կարող ըլլանք յաղթելու եւ պահելու մեր ինքնութիւնն ու կրօնքը:

Օրուան պատգամին յաջորդեց Արծիւեան երգչախումբը զոր ան ալ իր կարգին, կատարեց երեգ երգեր. Ոհ դու բարեկամ-ը, Նորահրաշ շարականը եւ Բամբ որոտան-ը:

Դատերասրահին մթնոլորտը բաւականին ջերմանալէ ու ներկաներուն «հայկական ջիղը» վերանորոգուելէ ետք, բեմ բարձրացաւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան-ը փոխանցելու համար Հայ Ազգի որդիներուն իր հայրական պատգամը: Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելու Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ թէ ինչպէս այս յայտագրին եւ այս տօնահանդէսին միջոցաւ բոլոր ներկաները կարողացան վերապրիլ 451 թուականը:

Գերապայծառ տէրը իր խօսքը փակեց ներկաներուն մաղթելով որ միշտ յանձնառու ըլլան վարդանանց ճակատամարտի պատգամին:

Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, Գերապայծառ Տէր-ը իր «պահպանիչ»-ով օրհնեց ներկաները ինչպէս նաեւ երգուեցաւ «Հայր մեր»-ը, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ Պրն. դեսպանը, կղերական դասը, Բլբուլ եւ Արծիւեան երգչախումբի անդամները, որպէսզի այս յիշատակելի երեկոն փակեն պատմական լուսանկարով մը:

«ՄԱՀ ՈՉ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ՄԱՀ Է ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է»

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.