2018-02-07 14:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Թայուանի մէջ պատահած երկրաշարժին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդիալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող մէկ ցաւակցական հեռագիրի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքները կ՛ապահովեցնէ բոլոր անոնց որոնք՝ Թայուանը հարուածող ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով  իրենց կեանքը կորսնցուին ու բոլոր վիրաւորներու։ Ան ապա իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Թայուանի բնակչութեան ինչպէս նաեւ քաջալերանք կ՛արտայայտէ քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու շտապ օգնութիւն մատուցող անձնակազմին, համայն Թայուանի ժողովուրդին վրայ հայցելով՝ քաջութեան ու խաղաղութեան  աստուածային օրհներգութիւններ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.