2018-02-07 14:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մարդավաճառութեան դէմ համաշխարհային օրուան առթիւ կոչը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին,  հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին,  Ֆրանչիսկոս Պապ՝ 8 փետրուարին նշուելիք մարդավաճառութեան համաշխարհային օրուան առթիւ կոչ ուղղեց  դադրեցնելու մարդավաճառութեան ոճիրը ու կոչին մէջ ըսաւ.

«Վաղը՝ 8 փետրուարին,  Սրբուհի Ճուզէփփինա Պախիթայի ծիսական տօնին օրը,  կը նշուի մարդավաճառութիւն դէմ աղօթքի ու խոկումի համաշխարհային օրը:  Այս տարուան նիւթն է  «Գաղթականութիւնը առանց մարմնավաճառութեան. այո ազատութեան, ոչ մարդավաճառութեան»:

«Բազմաթիւ գաղթականներ սակաւ օրինաւոր հնարաւորութիւններ ունենալով, իրենք զիրենք  վտանգելով կը դիմեն տարբեր ուղիներու,  ուր յաճախ կ՛ենթարկուին ամէն տեսակի բռնաբարութիւններու՝ շահագործումին եւ ստրկութեան» ըսաւ  Քահանայապետը դատապարտելով «Մարդավաճառութեան ոճրագործ կազմակերպութիւնները, որոնք  կը շահագործեն գաղթականութեան երթուղիները, ծածկելու համար  մարդավաճառութեան զոհերը»  ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա հրաւէր ուղղեց «Բոլորին,  քաղաքացիներ ու հաստատութիւններ,  միացնելու ուժերը  մարդավաճառութեան կանխարգիլման համար   եւ զոհերուն երաշխաւորելու պաշտպանութիւնն  ու խնամակալութիւնը»:

«Աղօթենք որպէսզի Տէրը դարձի բերէ մարդավաճառներու սիրտերը, ու ազատութիւնը վերագտնելու յոյս ներշնչէ   բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այս ամօթալի  ժանտախտէն»     ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.