2018-02-07 08:02:00

Միջ կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի հաղորդագրութիւնը հայող խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի օրուան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 6 փետրուար 2018-ին, Միջ կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է թ «ինչպէս յայտնի է, կիրակի 4 փետրուարի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ, յառաջիկայ 23 փետրուարը հռչակեց խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր, յատկապէս նուիրուած Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան եւ Հարաւային Սուտանին։ Քահանայապետը հրաւիրեց նաեւ այլ կրօնի պատկան հաւատացեալները միանալու այդ ձեռնարկին, իրենց յարմար նկատած ձեւերով»։

Միջ կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը, այն համոզումով որ կրօնները կարող են մեծապէս սատարել խաղաղութեան ամրապնդումին ու անոր ձեռքբերումին, երախտապարտ պիտի ըլլայ բոլոր այլ կրօններու պատկան եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնք պիտի ուզենան ընկալել Քահանայապետին կոչը ու ամէն մին իր կրօնական աւանդութեան համաձայն իր սեփական պաշտամունքի վայրին մէջ ապրի՝ աղօթքի, ծոմապահութեան ու խորհրդածութեան պահեր։  








All the contents on this site are copyrighted ©.