2018-02-07 09:31:00

1915-ի ողբերգութիւնը կրնայ կրկնուիլ Աֆրինի մէջ. Կարօ Փայլան


Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հարցազրոյց մը ունեցած է ֆրանսական «Ֆրանս 24»-ի հետ, որուն ընթացքին պատմած է Աֆրինի բնակչութեան համար իր մտավախութիւններուն մասին:

«Քիւրտերը այժմ Թուրքիայէն նոյն պահանջները ունին, ինչ որ հայերը` 1915-ին: Այդ իսկ պատճառով ես`ըլլալով հայ, մտավախութիւն ունիմ, որ 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին հետ պատահածը կրկնուի»,- ըսած է Փայլան:

Ան նաեւ յայտնած է, որ այս իրավիճակի միակ ելքը հանրութեան մէջ Ցեղասպանութեան նիւթին բարձրացումն ու քրտական հարցին քննարկումը:

«Թուրքիոյ մէջ չկայ խօսքի ազատութիւն: Անոնք, որոնք ճշմարտութիւնը  կ’ըսեն կամ կը քննադատեն Էրտողանը, դաւաճան կը յայտարարեն»,- աւելցուցած է Փայլան:








All the contents on this site are copyrighted ©.