2018-02-06 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2018 տարուան քառասնորդաց շրջանի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 6 փետրուար 2018-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2018 տարուան Քառասնորդաց շրջանի պատգամը, որուն ներկայացումը կատարուեցաւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի սրահին մէջ եւ որուն բնաբանն է ««Յարաճուն անօրէնութեան հետեւանքով, շատերու մէջ սէրը պիտի ցրտանայ» (Մատթ 24, 12)»։

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը դիտել կու տայ որ քառասնորդաց շրջանը այդ հարմար ժամանակաշրջանն է հասկնալու համար եթէ մեր սիրտը վտանգուած է գէշ ու սուրբ մարգարէներու խօսքերէն, որոնք կը փորձեն մեր մէջ մարել սէրը։

Քառասնորդացը Աստուծոյ ողորմածութեան պարգեւն է ՝ պատրաստուելու համար Յիսուսի Սուրբ Յարութեան տօնին – կը գրէ Քահանայապետը  ակնարկելով պատգամի ներշնչումի աղբիւր՝ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի հետեւեալ խօսքին  «Յարաճուն անօրէնութեան հետեւանքով, շատերու մէջ սէրը պիտի ցրտանայ» (Մատթ 24, 12) ու ասկէ մեկնելով դիտել կու տայ որ Յիսուսին այդ խօսքը պարունակուած է ժամանակի լրումի մասին Անոր արտասանած ճառին մէջ որ  տեղի ունեցած է Երուսաղէմի Ձիթենեաց Լերան վրայ որտեղէն սկիզբ առին Յիսուսին չարչարանքները:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ,  որ Յիսուս  պատասխանելով առաքեալներու հարցումին աւետեց մեծ տառապանք մը  եւ  նկարագրեց կացութիւն մը՝  որուն մէջ հաւատացեալները պիտի գտնուին.  այն է որ  ցաւալի եղելութիւններու դիմաց մի քանի սուտ մարգարէներ, շատերը պիտի խաբեն՝ եւ անոնց մէջ պիտի մարեն եղբայրսիրութիւնը՝  որ է  Աւետարանի կեդրոնը :  

Քահանայապետը այդ  սուտ մարգարէները կ՛որակէ «օձեր հմայողներ« , որոնք  «մարդոց յուզումները   շահագործելով  զանոնք կը ստրկացնեն» ապա նշեց թէ բազմաթիւ մարդիկ եւ կիներ հմայուած են անցողական հաճոյքէ, որ կը համարեն որպէս իսկական երջանկութիւն եւ կամ  դրամի  խաբկանքէն որոնց միջոցաւ անոնք  շահի ստրուկներ կը դառանն» : 

Սրբազան Հայրը զգուշացուց  այն անձերէն որոնք տառապանքին դիմաց դիւրին եւ անմիջական լուծումներ կ՛առաջարկեն, լուծումներ որոնք ապարդիւն են ինչպէս է պարագան «թմրեցուցիչին» որ շատ անգամ առաջարկուած է երիտասարդներուն։

«Այդ անձերը խաբեբաներ են» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը անոնք անարժէք իրականութիւններ կը նուիրեն ու կը խլեն այն ինչ որ արժէքաւոր է՝ արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը ու սիրելու կարողութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը յորդորէ որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ  իր սրտին մէջ զատորոշում մը կատարէ եւ քննարկէ եթէ խաբուած է այդ սուտ մարգարէներու  խօսքերէն ապաւ գիտակցիլ թէ ի՞նչն է որ մեր մէջ կը թողու բարի հետքեր, որովհետեւ այդ բաները կու գան Աստուծմէ եւ իսկապէս սահմանուած են մեր  բարիքին:

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց եղբայրսիրութեան հոգին մարելու նշաններուն  որոնց շարքին նշեց դրամասիրութիւնն ու ագահութիւնը որուն  կը յաջորդէ Աստուծոյ մերժումը։ Մերժում որ կը դառնայ բռնութիւն բոլոր անոնց նկատմամբ որ կը սպառնան մեր «համոզումներուն» - կը գրէ Նորին Սրբութիւնը զգուշացնելով հասարակութիւններէն ներս Սէրի պակասէն, որովհետեւ եթէ այդ մէկը պատահի կը տուժէ համայն արարչութիւնը –  կը մատնանշէ Ֆրանչիսկոս Պապ  թուելով «Evangelii gaudium» առաքելական իր յորդորագիրին մէջ ներփակուած սիրոյ պակասի նշանները «անձնասիրութիւնը, յոռետեսութիւն, կղզիացումի փորձութիւն եւ աշխարհիկ մտայնութիւն», իրականութիւններ որոնք  մեզ կը մղեն զբաղելու լոկ մակերեսային բաներով»:

Ֆրանչիսկոս Պապ վերոնշեալ նշանները հակազդելու համար կը յորդորէ քառասնորդացի առթիւ յաւելեալ  ժամանակ տրամադրել՝ աղօթքին,  որ մեր սրտերուն թոյլ կու տայ  բացայայտելու թաքնուած սուտերը - կը գրէ ան - թելադրելով ողորմութիւն կատարել՝  որպէսզի ազատինք ագահութեան ստրկութենէն ու միւսին մէջ բացայայտենք մեր եղբայրը, ապա ծոմ պահենք ու աւելի ուշադրութիւն  յատկացնենք Աստուծոյ ու մերձաւորին։  

Ֆրանչիսկոս Պապ, պատգամի աւարտին կոչ կ՛ուղղէ այլ յարանուանութիւններու հաւատացեալներուն, որոնք «պատրաստակամ  են Աստուծոյ ձայնի ունկնդրութեան»,  որպէսզի միասնաբար աղերսենք Աստուծոյ, միասնաբար ծոմ պահենք ու ողորմածութիւն կատարենք» կը գրէ Ան ու կը հրաւիրէ  եկեղեցւոյ անդամները՝ նուիրուածութեամբ ապրելու   քառասնորդացի շրջանը։

Յառաջիկայ  9-10 մարտ 2018-ին, կայանալիք   «Տիրոջ համար 24 ժամ« նախաձեռնութիւնը կարեւոր նկատելով Սրբազան Քահանայապետը, պատգամի աւարտին հրաւէր կ՛ուղղէ որ այդ օրերուն ամէն մէկ թեմի մէջ  բաց պահուի եկեղեցի մը, առիթ տալու համար  Խոստովանանքի խորհուրդը ու Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքը կատարելու,   որպէսզի «Սուրբ Զատկուայ գիշերը վառուած Զատկուայ Մոմի լոյսը խափանէ խաւարը ու Տիրոջ Խօսքին ունկնդրութիւնը ու Սուրբ հաղորդութեան մեր մօտեցումը, առիթ ընծայէ մեր սրտերուն, դարձեալ վառելու հաւատքը՝ յոյսով եւ սիրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.