2018-02-06 09:37:00

Հոլանտա տուն կանչած է Թուրքիոյ մէջ իր դեսպանը


Հոլանտա տուն կանչած է Թուրքիոյ մէջ իր դեսպանը` յայտարարելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը որեւէ արդիւնք չէ տուած: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը` յղում կատարելով Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին:

Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ երկու երկիրները քաղաքական ճգնաժամի ընթացքին յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ շարք մը հանդիպումներ ունեցած են, սակայն անոնք որեւէ արդիւնք չեն տուած:

Աւելի՛ն, հոլանտական իշխանութիւնները կը պատրաստուին Թուրքիոյ չարտօնել իրենց երկրին մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակել:

Յիշեցնենք, որ Հոլանտայի իշխանութիւնները թուրք երկու նախարարներու` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուին եւ ընկերային քաղաքականութեան հարցերով նախարար Ֆաթմա Պեթուլ Սայամ Քայային չէին արտօնած հանդիպիլ Ռոթերտամի մէջ ապրող թուրքերուն: Երկու նախարարները կը պատրաստուէին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համոզել պաշտպանելու երկրի սահմանադրական փոփոխութիւնները: Հոլանտական իշխանութիւնները «անբաղձալի օտարերկրացի» յայտարարած էին Քայան:








All the contents on this site are copyrighted ©.