2018-02-06 09:47:00

Կիպրոսի նախագահ վերընտրուած Անասթասիատես կը խոստանայ շարունակել կղզիի միաւորման ջանքերը


Կիպրոսի Հանրապետութեան գործող նախագահ Նիքոս Անասթասիատես բոլոր քուէներու հաշուարկման իբրեւ արդիւնք յաղթանակ արձանագրած է նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին ընթացքին` ապահովելով քուէներուն 55,99 առ հարիւրը:

Անասթասիատեսի մրցակից Սթաւրոս Մալաս, որուն կ՛աջակցէին Կիպրոսի աշխատաւոր ժողովուրդի յառաջդիմական կուսակցութիւնը, ապահոված է քուէներուն 44,01 առ հարիւրը: Վերընտրուած նախագահի նստաշրջանը կ՛աւարտի 2023-ին:

Անասթասիատես յաղթանակի ճառին մէջ խոստացած է շարունակել կղզիի միաւորման ջանքերը: «Հիմնական մարտահրաւէրը, որ ծառացած է մեր առջեւ, մեր երկրին միաւորումն է: Ես պիտի շարունակեմ աշխատիլ նոյն վճռականութեամբ` ձգտելով հասնիլ մեր ընդհանուր նպատակին` բռնագրաւումին վերջ տալուն եւ մեր պետութեան վերամիաւորման», յայտարարած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.