2018-02-05 11:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 5 փետրուարի քարոզը. լռութեան մէջ Աստուծոյ աղօթել յիշելով մեր ընտրութեան յիշատակը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 5 փետրուար 2018-ին,  առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ  մատուցեց Սուրբ Պատարագին առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ աղօթքի եւ Աստուծոյ պաշտամունք կատարելու կարեւորութեան վրայ: Ան յորդորեց  որ  քիչ մը  ժամանակ տրամադրենք՝  պաշտամունքի աղօթք  կատարելու եւ որուն մէջ ըսենք  Տէր մտիկ ըրէ մեզի ու  ներէ մեզ։  

Ֆրանչիսկոս Պապ  Սուրբ Պատարագի ներկայ գտնուող նորանշանակուած  ժողովրդապետներէն խնդրեց,  որ իրենց հաւատացաեալներուն  սորվեցնեն՝  լռութեան մէջ Աղօթել,  երգել  եւ Աստուած փառաբանել :

Ան  ապա հրաւիրեց մեր կեանքին մէջ քիչ մը  ժամանակ տրամադրենք ՝ աղօթելու համար    յիշելով մեր ուղեւորութեան յիշատակը,  ընտրութեան , խոստումի եւ դաշինքի յիշատակը ու բոլոր այն  բաները զոր Աստուած մեզի պարգեւեց.  հուսկ  քաջալերեց  դէպի վեր ընթանալ եւ  Աստուծոյ դիմել միշտ աղօթքով ու կրկնելով   «Տէր մեզի մտիկ ըրէ եւ մեզ ներէ»








All the contents on this site are copyrighted ©.