2018-02-05 10:05:00

Քաղդէացի Եկեղեցւոյ կանոնական հնգամեայ այցը՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի՝ 5 փետրուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց՝ Քաղդէացի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքոյին։

Քաղդէացի կաթողիկէ եկեղեցին պատմական օրէն Իրաքի ամենամեծ քրիստոնեայ համայնքն է, ան ունի գրեթէ մէկ միլիոն հաւատացեալ, որոնց 250 հազարը 2010-ի տուեալներով կ՛ապրէին իրաքի մէջ։

Քաղդէացի եկեղեցւոյ գլխաւոր առաջնորդն է  Պապիլոնիայի Քաղդէացիներու գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ պատրիարքը։

Քաղդէացի եկեղեցին Իրաքի մէջ ունի մէկ Աւագ Թեմ մը որուն առաջնորդն է նոյնինքն պատրիարքը եւ այլ եօթը թեմեր։

Իրաքէն դուրս Քաղդէացի եկեղեցին ներկայ է նաեւ Իրանի մէջ 4 եկեղեցական գաւառներով, Սուրիոյ մէջ երկու թեմերով, Լիբանանի մէջ մէկ առաջնորդութեամբ, Թուրքիոյ մէջ մէկ առաջնորդութեամբ ու նոյնպէս Եգիպտոսի մէջ մէկ առաջնորդութեամբ, ապա ան ներկայ է նաեւ Միացեալ նահանգներու մէջ երկու առաջնորդութիւններով, Քանատայի մէջ մէկ առաջնորդութեամբ, հուսկ Աւստրալիայի մէջ մէկ առաջնորդութեամբ։ Ասոնց աւեցնելու ենք նաեւ բոլոր այն քաղդէացի հաւատացեալները որոնք կ՛ապրին Եւրոպայի մէջ եւ որոնց համար նշանակուած է առաքելական այցելու մը։

Քաղդէական եկեղեցւոյ ծագումը կը վերագրուի ԺԳ. Դարուն երբ, Տոմինիքեան եւ ֆրանչիսքեան  միսիոնարներու օրինակին հետեւելով մեծ թիւով ասորի եպիսկոպոսներ  կաթողիկէ դարձան։ 1552-ին Ասորի կարգ մը եպիսկոպոսներ փափաք յայտնեցին միանալու Հռոմի Տիեզերական եկեղեցւոյ ու այդ մէկը իրականացաւ 1553-ին երբ Յուլիոս Գ Պապը Պատրիարք անուանեց Եուհաննա Սուլաքա Աբբահայրը անոր պարգեւելով Քաղդէացիներու Սիմոն Ը Պատրիարքի անունը ու զայն եպիսկոպոս ձեռնադրելով նոյն տարուայ ապրիլ 9-ին՝ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ։ Սակայն երկիր վերադարձին Սիմոն Պատրիարք՝ այդ ժամանակուայ Ասորի պատրիարքին դռդռումով բանտարկուեցաւ հուսկ 1555-ի յունուարին մահուան դատապարտուեցաւ։

Դարեր ամբողջ Քաղդէացիները ունեցան մերթ ընդ մերթ կաթողիկէութեան  յարող կամ կաթողիկէութեան հակառակ եպիսկոպոսներ  ու պատրիարքներ մինչեւ 1830 թուական  երբ Պիոս Ը Քահանայապետը Մետրոպոլիտ Ճովաննի Հորմիզտան նշանակեց կաթողիկէ քաղդէացիներու Պատրիարք անոր շնորհելով Պապիլոնի Քաղդէացիներու Պատրիարքի տիտղոսը ու աթոռը հաստատելով Մոսուլի մէջ եւ 1950-ին աթոռը փոխադրուեցաւ Պաղտատ։

Քաղդէական եկեղեցին վերջին տարիներուն ապրեցաւ դժուար տարիներ ինչպէս է պարագան բոլոր Իրաքի քրիստոնեաներուն որոնք տարբեր պատճառներու համար դիմեցին գաղթականութեան ու յատկապէս վերջին շրջանին՝ իսլամական պետութեան արհաւիրքէն փախուստ տալու նպատակով։

Հակառակ որ 2017-ին իսլամական պետութեան զինեալները քաշուեցան Նինուէի ու այլ շրջաններէն գաղթականներէն շատեր տակաւին քաջութիւնը չունին վերադարձ կատարելու իրենց հայրենիքը։ Հաւատացեալներուն հետ ապա գաղթականութեան դիմեցին շատ մը կղերականներ, որոնք հեռացան իրենց առաքելավայրերէն առանց մեծաւորներու հրամանին ու այս առընչութեամբ Սաքօ պատրիարքը յաճախակի կոչեր ուղղեց անոնց որպէսզի վերադառան իրենց ծուխերը ու զբաղին իրենց յանձնուած առաքելութեամբ։

2015-ին Հռոմի մէջ գումարուեցաւ Քաղդէական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը որուն աւարտին  սիւնհոդոսական հայրերը հրապարակեցին յայտարարութիւն մը որուն առանցքը կազմեց ներումը, հաշտութիւնը, միութիւնը, ինչպէս նաեւ  կոչը՝ որպէսզի քրիստոնեաներուն առիթ տրուի մասնակցելու Իրաքի քաղաքական կեանքին, սատարելու համար անոր վերակառուցումին՝ որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.