2018-02-04 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 4 Փետրուարի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 4 Փետրուար 2018-ին, Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ օրուան աւետարանական ընթերցումին որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն (Գլ. 1,21-39) ուր կը պատմուի Յիսուսի Կափառնաումի մէջ գործած հրաշքներու մասին ու յատկապէս Պետրոսի զոքանչի բուժումի մասին, որով Յիսուս իրեն հանդիպող մարդոց մէջ հաւատք կը յարուցէ։

«Մարկոս արդարեւ Պետրոսի Զոքանչի բուժումի հակիրճ պատմութեան ընդմէջէն կը բացայայտէ հրաշքներու իմաստը՝ մարմնի բուժումը նպատակ ունի բուժել սիրտը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ Մարկոս Աւետարանիչին աւետարանական հատուածը կ՛աւարտի Յիսուսին կատարած այլ բուժումներու պատմուածքով՝ «զանազան ցաւերէ բռնուած հիւանդներ բուժեց, սատանաներ արտաքսեց, ու չէր թողուր որ ասոնք խօսէին որովհետեւ գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է»։

«Երկրորդ օրը՝ առաւօտեան կանուխ, արեւածագէն առաջ, Յիսուս ելաւ եւ մեկնեցաւ քաղաքէն դէպի անապատ տեղ մը եւ հոն կ՛աղօթէր» գրուած է ապա Աւետարանին մէջ։ Այս ընելով Յիսուս ուզեց խուսուիլ «փառքի» փնտռտուքէն որ կը խեղաթիւրէ հրաշքներու իմաստին ըմբռնումը։ Հրաշքները արդարեւ նշաններ են որոնք կը հրաւիրեն հաւատքի պատասխանին, նշաններ որոնք կը հրահրեն հաւատքն ու դարձը՝ Քրիստոսի աստուածային շնորհքի ուժով։

Աւետարանական հատուածը ապա կ՛եզրափակուի Յիսուսին հրաւէրով՝ ուղղուած աշակերտներուն, երթալու այլ վայրեր, մերձակայ գիւղեր, որպէսզի այնտեղ եւս քարոզէ, որովհետեւ ասոր համար եկած եմ» կ՛ըսէ Յիսուս։

«Այս եղաւ Աստուծոյ Որդոյն ուղեւորութիւնը ու այս պիտի ըլլայ նաեւ անոր աշակերտներուն ճանապարհորդութեան վայրը՝ ճամբան, որ է Աւետարանի բարի լուրի վայրը, որ Եկեղեցին կը մղէ իր առաքելութիւնը կատարելու դէպի դուրս, «շարժումի» մէջ  եւ ոչ թէ անշարժութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ բաց ըլլալու Սուրբ Հոգիի ձայնին որ Եկեղեցի կը մղէ իր վրանները լառերու մարդոց մէջ, բոլորին տանելու համար Յիսուսին բուժող խօսքերը՝ Յիսուս որ է բժիշկ մարմնի եւ հոգիներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.