2018-02-04 10:35:00

Կիրակի 4 Փետրուար 2018 - Բ Զկնի Առաջաւորի


Երբ Յիսուս ըսաւ թէ ով որ չուտէ իմ մարմինս եւ չխմէ իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք չունենար, ոչ իր շուրջը հաւաքուած Հրէաները եւ ոչ իսկ իր աշակերտները հասկցան իմաստը այս խօսքերուն. Արդեօ՞ք Յիսուս կ՛ուզէր դարձնել Հրէաները մարդկային զոհերու շրջանին, ինչպէ՞ս կարելի է ուտել մէկու մը մարմինը եւ խմել անոր արիւնը։

Շատեր որոնք մինչեւ այդ հետեւած էին իրեն, անհանդուրժելի կը գտնեն իր այս խօսքերը եւ կը թողուն զինք ու կը հեռանան իրմէ։ Արդէն Քրիստոսի հետեւելու համար շատ մը զրկանքներու պէտք է ենթարկուիլ, թողուլ իր ընտանիքը եւ հարստութիւնը, հրաժարիլ ամէն բանէ, խաչը առնել եւ հետեւիլ իրեն։ Իսկ հիմա, պէտք է նաեւ ուտել իր մարմինը եւ խմել իր արիւնը. Ու՞ր լսուած է այսպիսի արտառոց բան. Իսկ առաքեալները անոնք որ ամէնէն մօտիկը եղած են Յիսուսի, որոնք հաւատացած են իր բոլոր ըսած խօսքերուն, անոնք ի՞նչ կը մտածեն այս վերջին խօսքին մասին։

Անշուշտ պահ մը անոնք եւս կը տառակուսին. Յիսուս անոնց աչքերուն մէջ կը կարդայ անստուգութիւնը եւ երկմտութիւնը։ Ամէն ինչ թողած են իրենք, հետեւելու համար իրենց վարդապետին. Եւ սակայն ահա կենսական երկընտրանքի մը առջեւ կը գտնուին. Հաւատա՞լ Քրիստոսի այս անհսկնալի խօսքերուն թէ, միւսներուն նման, լքել զինք ու հեռանալ։ Անմիջական որոշում հարկ է առնել։

Եւ ահա մէջտեղ կը նետուի Սիմոն Պետրոս. Ան կը լուծէ հարցը եւ բոլորին անունով` կը բացագանչէ. Տէր, մենք որու՞ն կրնանք երթալ, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը։ Ոչ ոք կրնայ ինքիրմէ այսպիսի խօսք մը հնարել, անպայման Սուրբ Հոգին է որ թելադրած է Պետրոսի այս գեղեցիկ սլացքն ու խօսքերը, ինչպէս երբ ըսաւ Յիսուսի թէ ինքն է Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ որդին։ Վստահաբար, Պետրոսի այս խօսքերէն ետք, միւս բոլոր առաքեալներուն ալ աչքերը փայլեցան եւ անոնք լեցուեցան խանդավառութեամբ. Գտած էին լուծումը եւ ազատած էին երկընտրանքի յառաջ բերած տառակոյսէն։

Այսօր մենք կը հասկնանք Յիսուսի այս խօսքերը, որովհետեւ, մինչ այդ ան իր մահուան նախօրեակին` աշակերտներուն տուաւ բաղարջ հացը եւ գինին, ըսելով. Առէք կերէք, այս է իմ մարմինս եւ խմեցէք ասկէ, այս է իմ արիւնս։ Այն ատեն միայն անոնք կրցան հասկնալ այդ խորհրդաւոր խօսքերը զոր ըսած էր Յիսուս Կափառնաումի ժողովարանին մէջ, հացերու հրաշքներուն յաջորդող օրը։ Հիմա կրնանք ըսել թէ օրհնուած հացը եւ գինին կը խորհրդանշեն Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը, եւ անոնց ճաշակումով է որ մենք կը ժառանգենք յաւիտենական կեանքը։

Սակայն հարց տանք մենք մեզի։ Կը հաւատա՞նք Յիսուսի խօսքերուն հաստատ կերպով, թէ մեր սրտին մէջ կը շրջին տակաւին մութ կէտեր եւ տառակոյսներ։ Հաւատքով կը ճաշակե՞նք ամէն կիրակի այն հացէն որ մեր հոգւոյ սնունդն է, եւ որ կ՛երաշխաւորէ մեր անձերուն յաւիտենական կեանքը։

Սիրելի հաւատացեալ, Յիսուսի խօսքերը ճշմարտութիւն են եւ կը պարունակեն յաւիտենականութիւն. Պետրոսի նման` առանց տառակուսելու, նետուինք դէպի մեր Տէրը եւ անվերապահօրէն վստահինք իրեն մեր անձերը. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.