2018-02-03 09:47:00

Նորա Արիսեան ընդգրկուած է «Սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնաժողով»-ի կազմին մէջ


Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեան՝ սուրիական հարցով Սոչիի մէջ կայացած ժողովը կարեւոր քայլ կը համարէ, որուն ան մասնակցած է իբրեւ Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական բարեկամանական խումբի նախագահ:

«Իմ կարծիքով Սոչիի ժողովը շատ կարեւոր է, քանի որ տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակներ արձանագրուեցին: Սոչիի ժողովը փաստեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական գործընթացը կը սկսի ու կը շարունակուի Սուրիական ղեկավարութեամբ` առանց դուրսի միջամտութիւններուն»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած է հայ պատգամաւորը:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ մաս կը կազմէ ժողովին իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած «Սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնաժողով»-ին, որ բաղկացած է 150 անդամէ: «Ժողովին աւարտին հրապարակուած յայտարարութիւնը ինքնին կը բացայայտէ, որ սուրիացիները մեծամասնութեամբ կառչած են ազգային սկզբունքներուն եւ Սուրիոյ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան»,- ըսած է Նորա Արիսեան:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ հարցով ազգային երկխօսութեան համագումարը կայացաւ Յունուարի վերջը, Սոչիի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.