2018-02-03 09:40:00

Հայաստանի Ժողովրդավարութեան ցուցանիշը 2017-ին բարելաւուած Է։


Հայաստան Ժողովրդավարութեան համաշխարհային ցուցակին վրայ գրաւած է 111-րդ հորիզոնականը` յայտնուելով  քաղաքական խառնածին վարչակարգ ունեցող երկիրներու շարքին:

«Ժողովրդավարական ինտեքս-2017» զեկուցումը պատրաստուած է բրիտանական «Էքոնոմիսթ» հեղինակաւոր թերթի հետազօտական ընկերութեան կողմէ, որ երկիրները գնահատած է 0-էն 10 պալի համակարգով:

Միայն 8-էն բարձր միաւոր ստացած երկիրները դասակարգուած են իբրեւ «լիարժէք ժողովրդավարութիւններ»:

Ժողովրդավարութեան ցուցանիշը հիմնուած է հինգ չափանիշի վրայ` ընտրային գործընթաց եւ բազմակարծութիւն, քաղաքացիական ազատութիւններ, կառավարութեան աշխատանք, կարելիութիւններ քաղաքական մասնակցութեան համար եւ քաղաքական մշակոյթ:

Հայաստան հաւաքած է 4,11 միաւոր` նախորդ տարուան 3,88 միաւորի փոխարէն:

Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Հայաստան մենատիրական յատկանիշներով երկիրներու շարքէն անցած է խառն վարչակարգ ունեցող երկիրներու շարքը` շնորհիւ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, որոնք իշխանութիւնը նախագահէն յանձնած են խորհրդարանին:

Զեկուցումի հեղինակները Հայաստանի մամուլի ազատութեան կարգավիճակը բնորոշած են իբրեւ «հիմնականին մէջ անազատ»` դասելով զայն 109-րդ հորիզոնականին վրայ:

Զեկուցումին մէջ Ազրպէյճան դասուած է մենատիրական երկիրներու շարքին` յայտնուելով 148-րդ տեղը, Սուրիան` վերջընթեր 166-րդ դիրքը: Առաջին 5 դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն Նորվեկիան, Իսլանտան, Շուէտը, Նոր Զելանտան եւ Դանիան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.