2018-02-02 11:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 2 փետրուարի գործունէութինը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 2 փետրուար 2018-ին՝ առաւօտեան ժամը 9,30-ին,  Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  «Պայքարիլ  յանուն կրօնքի կատարուած բռնութեան արարքներուն դէմ» խորագիրով  դասախօսութեան աւելի քան  50 անդամներրը , որմէ ետք Սրբազան Հայրը յաջորդաբար ընդունեց  Մատակասքարի  եպիսկոպսաց համահաւաք դասի նախագահական անձնակազմը՝ գլխաւորութեամբ Մատակաստարի թեմին արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Տեզիր Թսարահազանանը, - ապա Արժանթինի  Քուլմես թեմի եպիսկոպսո Գերապայծառ Քարլոս Խօսհ Թիսսերան ,հուսկ ընդունեց Արժանթինի Սան Ռոք տէ Փրեսիտենսիա Սայենց Փընա թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Հուկօ Նիքոլաս Պարպարոն։ Ի վերջոյ ժամը 11,30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ազատութիւն եւ հաղորդութիւն եղբայրութեան նախագահ Հայր Ժուլիեն Քարրոնը

 «Պայքարիլ  յանուն կրօնքի կատարուած բռնութիւններու դէմ» խորագիրով   դասախօսութեան մասնակիցներուն յղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  ընդգծելով  դիւանագէտներու եւ կրօնապետերու միջեւ  հանդիպումներուն կարեւորութիւնը   ու անոնց միջեւ կայացած   բանակցութիւնները՝ ՝ հակազդելու համար կրօնքի անունով գործադրուած բնութիւններուն,  դիտել տուաւ   որ «Աստուած կեանքի սիրահարն է, Ան երբեք չի դադրիր մարդը սիրելէ եւ ասոր համար  մարդուն կը յորդորէ  հակազդել  բռնութեան» ըսաւ Սրբազան  Հայրը ապա հրաւիրեց   դատապարտել մարդու արժանապատուութեան եւ  մարդկային իրաւանց դէմ գործադրուած  բոլոր բռնութիւններուն դէմ  եւ լուսարձակի տակ առնել  յանուն կրօնքի կատարուած ՝ ամէն տեսակի ատելութեան ձեւերու  արդարացումի փորձերը՝ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  դիտել տուաւ որ իւրաքանչիւր կրօնապետ կանչուած է քօղազերծելու Աստուած շահագործելու որեւէ փորձ՝  կատարուած  այնպիսի նպատակներուն համար որոնք  ոչ մի առնչութիւն ունին Աստուծոյ եւ Անոր փառքին  Հետ:

Ան շեշտեց որ պէտք է առանց տքնելու ցոյց տալ  թէ իւրաքանչիւր մարդկային կեանք ինքնիր մէջ  ունի Սրբութեան  յատկանիշ,  որ արժանի է յարգանքի կարեկցութեան եւ համարումին:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց  անհրաժեշտ համարելով  որ կրօնապետերն ու  քաղաքական պատասխանատուները ինչպէս նաեւ դաստիարակութեան եւ տեղեկատուութեան  գործիչները   միասնաբար յանձնառու ըլլան  նախազգուշացնելու համար բոլոր անոնք որոնք  կ՝ենթարկուին ՝մոլորերանդ կրօնականութեան  որեւէ ձեւի փորձութեան, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունին կրօնքի մը վկայութեան հետ  որ արժանի ըլլայ այդ անունին:








All the contents on this site are copyrighted ©.