2018-02-02 08:37:00

Լաւրով Արցախի հարցը քննեց ԵԱՀԿի նախագահին հետ


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 1ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր իտալացի պաշտօնակից եւ ներկայիս ԵԱՀԿի նախագահ Անճելինօ Ալֆանոյի հետ ունեցած խորհրդակցութիւններէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿը պիտի շարունակէ աշխոյժ աշխատանք տանիլ Արցախի հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով:

Լաւրով նշեց, որ իր իտալացի գործընկերոջ հետ քննարկած է ԵԱՀԿի տարածաշրջանին մէջ առկայ շարք մը հակամարտութիւններ՝ յոյժ կարեւոր նկատելով Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերը։

Իր կարգին, Ալֆանօ շեշտեց, թէ լիակատար աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Մինսկի խմբակին։ Ան «բաւական կարեւոր եւ դրական քայլ» նկատեց ԵԱՀԿի դիտորդական առաքելութիւնը ընդարձակելու նպատակով առնուող քայլը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.