2018-02-02 08:34:00

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի ղեկավար՝ Կարդինալ Սանտրիի ելոյթը կրօնքի ազատութեան նիւթին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կրեկորիանա Քահանայապետական համալսարանը կազմակերպած էր համագումար մը, Բրիտանական նախարար, արտաքին գործերու գրասենեակի եւ Ազգերու Բրիտանական Համագործակցութեան՝ հակաահաբեկչութեան եւ վայրագ ծայրայեղականութեան, կրօնքի ազատութեան եւ հաւատքի բաժանմունքի մօտ, Լորտ Ահմատ Ուիմպելտeնի Հռոմ կեցութեան առիթով։

Ձեռնարկի ընթացքին, ելոյթ ունեցած է նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի ղեկավար, Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի կրօնքի ազատութեան խնդրի շուրջ։

Ծիրանաւորը նախ յիշած է Իրաքցի պատանիին, Եուսեֆի պարագան, որ մկրտուած էր քրիստոնեայ եւ սակայն ստիպուած էր պաշտօնապէս արձանագրուիլ իբր իսլամ, որովհետեւ խորթ հայրը իսլամ էր։ Այսպիսի պարագաներ միշտ աւելի հարցականի տակ կը դնեն կրօնքի ազատութեան իրաւունքը - ըսած է Կարդինալ Սանտրի ու յիշած է, թէ Եկեղեցին ալ երկար ճանապարհ կտրած է, հասնելու համար կրօնքի ազատութեան նկատմամբ իր ներկայի կեցուածքին, որ իր արձագանգը գտած է Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի «Dignitatis Humanae» (Մարդու Արժանապատուութիւնը) յայտարարութեան մէջ։
 

Սուրբ Աթոռի մարմինները, ինչպէս Պետական Քարտուղարութիւնը եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու մօտ Սուրբ Աթոռի Դէտերը միշտ անդրադարձած են այս հարցին, նկատի ունենալով ոչ միայն հալածուած քրիստոնեաները, այլ պահանջելով կրօնքի ազատութեան իրաւունքը բոլորին համար։

Կարդինալը յիշեցուցած է, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ֆիլատելֆիայի մէջ հրաւիրած էր զանազան կրօնքներու հետեւորդները, որ միացնեն իրենց ձայները հայցելու համար խաղաղութիւն եւ յարգանք՝ ուրիշներու արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն։  Հետեւաբար կարիքն ունինք արժանահաւատ վկաներու, ըլլայ արեւելքի ինչպէս եւ արեւմուտքի մէջ։
 

Կարդինալ Սանտրի այս առընչութեամբ յիշեցուցած է Հայր Անտրէա Սանթորոյի պարագան, որ սպաննուած էր Թուրքիոյ մէջ 12 տարիներ առաջ։ Հայր Սանթորօ կը փնտռէր երկխօսութիւնը եւ իրարհասկացողութեան ճանապարհներ։

Այսօր Եւրոպայի իրականութեան մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս քրիստոնեաներ, հրէաներ եւ իսլամներ կ՛ապրին կողք կողքի։ Կարեւոր է, որ մենք վերստին դառնանք մեր քրիստոնէական սկզբունքներուն, որովհետեւ «ամէն ինչ կʼանցնի, սակայն միայն սրբութիւնը կը մնայ՝ դարերու ընդմէջէն եւ կը լուսաւորէ աշխարհը։ Միայն սէրն է որ կը մնայ։» Հաստատեց Կարդինալ Սանտրի իր ելոյթին աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.