2018-02-01 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը


(Ռատիօ ատիկան) Հինգշաբթի 1 փետրուար 2018-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՛ըսէ.

Ի՞նչ կայ ստրկութեան, անգործութեան, հասարակաց եւ բնութեան բարիքնեերու  լքումի ետին: Կաշառակերութիւնը,  մահուան  գործընթաց մը , որ կը սնանէ մահուան մշակոյթը: 

Ինչո՞ւ իշխանութեան եւ սեփականութեան ցանկութիւնը սահմաններ չի ճանչնար:

Կաշառակերութիւն չի յաղթահարուիր լռութեամբ

Պէտք  ենք անոր մասին խօսիլ, բողոքել անոր չարիքներուն դէմ , զայն հասկնալ՝ որպէսզի ցոյց տանք կամքը՝  ողորմածութիւնը գերադասելու նեղմտութեան վրայ՝ եւ գեղեցկութիւնը ունայնութեան վրայ։    

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւէր ուղղեց «Միասնաբար աղօթենք բոլոր անոնց համար որոնք նիւթական,  քաղաքական կամ հոգեւոր իշխանութիւն ունին, որպէսզի անոնք թոյլ չի տան որ կաշառակերութեան տիրապետութեան ենթարկուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.