2018-02-01 11:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մահուան մասին մտածելը մեզ կ՛ազատէ ժամանակին տէրը ըլլալու խաբկանքէն»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Մահը իրականութիւն մըն է, մահը ժառանգութիւն մըն է, մահը յիշողութիւն մըն է ու անոր մասին խոկալը մեզ կ՛ազատէ ժամանակին տէրը ըլլալու խաբկանքէն» այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 1 փետրուար 2018-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, դիտել տալով թէ մենք ոչ յաւերժական ենք եւ ոչ ալ ժամանակաւոր. Մենք՝ ըսաւ Ան, մարդիկ եւ կիներ ենք որոնք կը քալեն ժամանակին մէջ, ժամանակ մը որ սկիզբ ու վերջ ունի, հաստատեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց աղօթել ընդունելու համար ժամանակի իմաստին շնորհքը, որպէսզի ներկային մէջ չի բանտարկուին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ թէ մահը բոլորին կը պատկանի ու մեր ուղեւորութիւնը այս երկրի վրայ վերջ կը գտնէ մահուամբ, ասոր համար է որ եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ խոկալու անոր մասին - ըսաւ Ան ու հաստատեց թէ «մենք արդարեւ ժամանակին տէրերը չենք» ու թէ «Այս մէկը ի միտ ունենալը մեզ կ՛օգնէ ու կ՛ազատէ այն խաբկանքէն թէ ժամանակը մեզի կը պատկանի»։

Մենք ուղեւորութեան մէջ ենք  ու յարատեւ հարց տալու ենք «եթէ Աստուած զիս կոչէ այսօր՝ ի՞նչ ժառանգութիւն կը թողում։ Ի՞նչ վկայութիւն  կը թողում, ու այսպէսով պատրաստ ըլլանք ու այս իրականութենէն ներշնչուած ապրինք մեր առօրեան» յարեց Սրբազան Քահանայապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.