2018-01-31 08:34:00

Սոչիի Խորհրդաժողովին մասնակիցները յանձնառութիւն յայտնեցին Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան:


Սուրիական ազգային երկխօսութեան մէկօրեայ քոնկրէսի մասնակիցները, որոնք Յունուար 30-ի ուշ երեկոյեան փակուած են Սոչիի մէջ, համաձայնութեան եկած են սկսելու երկրի Սահմանադրութեան վերանայման աշխատանքը, որպէսզի նախապատրաստեն երկրի յետպատերազմեան կարգի իրաւաբանական հիմք, եւ դիմած են աշխարհին` եօթնամեայ քաղաքացիական պատերազմէն աւերուած Սուրիայի վերականգնման օգնելու խնդրանքով:

Վկայակոչելով TASS լրատուականը՝ Armenpress.am կը հաղորդէ, թէ բացի այդ, քոնկրէսի արդիւնքներով ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ, մասնակիցները հաւաստիացուցած են հաւատարմութիւնը Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, ահաբեկչութեան եւ կրօնական մոլեռանդութեան դէմ պայքարին:

Մասնակիցները նաեւ հանդէս եկած են միասնական բանակի եւ ազատ ընտրութիւններու իրականացման օգտին, որոնք պէտք Է որոշեն երկրի ապագան: Քոնկրէսի արդիւնքներով անոր մասնակիցները համաձայնութեան եկած են կազմելու սահմանադրական յանձնաժողով, թեկնածուներուն ցուցակը հաստատուած Է 150 մարդու կազմով (100 մարդ կառավարութենէն` ներքին չափաւոր ընդդիմութեան հաշուառումով, եւ 50-ը արտաքին ընդդիմութենէն), որ Սուրիոյ խնդիրով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ դեսպանորդ Սթեֆան տէ Միսթուրայի հետ համատեղ պիտի սկսի առաջարկներ պատրաստել երկրի Սահմանադրութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.