2018-01-31 09:23:00

Սերճ Սարգսեան. «ԼՂ տագնապի Խաղաղ Լուծումը պիտի Ըլլայ ՀՀ օրակարգի առաջնագիծին Վրայ»


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ 30 յունուարին նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ ամէնէն կարեւոր տեղը  զբաղեցնող Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին: «Մենք միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու լուծման պատասխանատուութեան մեր բաժինը երբեք չենք փորձած դնել ուրիշի ուսերուն: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը պիտի շարունակէ ըլլալ մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի առաջնագիծին վրայ: Վստահաբար, մենք անշեղօրէն պիտի շարունակենք սատարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու ձեւաչափին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերուն: Խաղաղ լուծման  հոլովոյթին մէջ վերջին տասը տարիներուն իրականացած հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ մեր դիրքերը շեշտակիօրէն ամրապնդուած են», «Արմենփրես»-ի փոխանցումով` ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է հոլովոյթի բոլոր մասնակիցներուն` նախարարին գլխաւորութեամբ: Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը կրցած է ամրագրել ինքնորոշման իրաւունքը` իբրեւ  տագնապի խաղաղ լուծման հիմնարար սկզբունք: «Միաժամանակ, որքան ալ որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը մեր արտաքին օրակարգի առաջնագիծին վրայ ըլլայ, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը, վստահաբար, պէտք չէ սահմանափակուի միայն այս հարցով: Մեր արտաքին քաղաքականութեան առանցքը, բնական է, որ պէտք է ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային շահերը», նշած է հանրապետութեան նախագահը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահը կարեւոր նկատած է նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ  միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագրաւորումը, համապատասխան քաղաքականութեան մշակումը: «Կը կարծեմ, որ արդէն հասունցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու եւ արդիականացնելու ժամանակը: Պատահական չէ, որ այս գաղափարը ես յառաջ կը մղեմ եւ կ՛արտայայտեմ նախարարութեան կեդրոնէն: Հայաստանի ազգային անվտանգութեան առաջնային մարտահրաւէրները հիմնականին մէջ կ՛առնչուին կամ, աւելի ճիշդ, ուղղակիօրէն փոխկապակցուած են մեր արտաքին միջավայրին հետ: Կ՛ակնկալեմ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ունենայ շօշափելի դերակատարութիւն այս փաստաթուղթը վերատեսութեան ենթարկելու ամբողջ հոլովոյթին մէջ», «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` ըսած է հանրապետութեան նախագահը: Ան կարծիք յայտնած է, որ արտաքին գործոց  նախարարութիւնը կուտակած է անհրաժեշտ գիտելիքներ, փորձառութիւն եւ ամէնէն կարեւորը` գործիքակազմ ներկայացնելու իսկապէս բովանդակային եւ սկզբունքային առաջարկներ: «Բայց դուք դիւանագէտներ էք եւ շատ յստակ կը պատկերացնէք, որ այդպիսի հիմնարար եւ երկարաժամկէտ փաստաթուղթ ունենալու համար անհրաժեշտ են որոշակի պայմաններ եւ յատկապէս այդպիսի փաստաթուղթի ստեղծման ժամանակ անհրաժեշտութիւն է յստակութիւնը», նշած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.