2018-01-31 08:41:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի ժողովին


Անցնող երեք օրերուն ընթացքին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովը: Խորհուրդի համաժողովին ընտրուած նորընտիր վարչութեան առաջին ժողովն էր, որ տեղի կ՛ունենար` մասնակցութեամբ բոլոր անդամներուն: Հայ եկեղեցին յիշեալ մարմինին կը մասնակցի երկու անդամներով` յանձինս Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ դոկտ. Ժան Սալմանեանի:

Գործադիր վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց համաժողովին եւ անկէ բխած որոշումները փորձեց ծրագիրի վերածել` յառաջիկայ չորս տարիներուն վրայ տարածուած: Վարչութիւնը յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձուց տնտեսական ու վարչական բնոյթ ունեցող հարցերը: Ընդհանուր արժեւորումը կատարելով շրջանին մէջ տիրող կացութեան, Գործադիր վարչութիւնը վերաշեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը եւ արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ մնայուն կապ պահելու հրամայականը:

Նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին ներկայ ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալըխ համալսարանի նախագահ ընտրուած ըլլալով հրաժարած էր իր պաշտօնէն, յառաջիկայ չորս տարիներուն համար զինք փոխարինելու հրաւիրուեցաւ համալսարանի աստուածաբանական ճիւղի դասախօսներէն դոկտ. Սուրայա Պեշաալանին:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը յաջորդական երկու շրջաններու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ եղած է, իսկ ներկայիս ան խորհուրդի պատուոյ նախագահ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.