2018-01-31 09:36:00

Իտալիան ԵԱՀԿ-ի մէջ իր նախագահութեան ընթացքին առաւելագոյն ուշադրութիւն պիտի դարձնէ ԼՂ տագնապի լուծման


Իտալիան ԵԱՀԿ-ի մէջ իր նախագահութեան ընթացքին առաւելագոյն ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ ԵԱՀԿ-ի գօտիի միւս ձգձգուած տագնապներու լուծման: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին յայտնած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ:

«ԵԱՀԿ-ի մէջ մեր նախագահութեան ընթացքին առաւելագոյն ուշադրութիւն պիտի դարձնենք Ուքրանիոյ ճգնաժամին եւ ԵԱՀԿ-ի գօտիի ձգձգուած տագնապներուն` Լեռնային Ղարաբաղի, Մերձտնեսթրի, Վրաստանի հիմնահարցերուն լուծման», ըսած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ան ընդգծած է, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն պիտի ընէ ուքրանական ճգնաժամը լուծելու որոշումներու փնտռտուքներուն աջակցիլը:








All the contents on this site are copyrighted ©.